Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Սարգի Մուրատեանի երգարանի գինձօնը կազմակերպութեամբ՝ Իրանահայ, Պոլսահայ եւ Իրաքահայ Ընտանեկան միութիւններուն

Կլենտէյլ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-  Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019, երեկոյեան ժամը 7։00-ին Իրանահայերու Այնթապլեան մշակութային շքեղ կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ծանօթ արուեստագէտ Սարգի Մուրատեանի երգարանին գինեձօն-հանդիսութիւնը:

Այդ առիթով, կազմակերպիչ յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ, այդ երեկոյ անգամ մը եւս հրապարակաւ մեծարելու եւ ժողովուրդի գնահատանքին, անխառն սիրոյն եւ յարգանքին արժանացնելու այս պատուական արուեստագէտը, որ իր ողջ կեանքը նուիրած է հայ երգին, երաժշտութեան, հայ խօսքին, հայ հեռատեսիլին, հայ ֆիլմարուեստին եւ հայ թատրոնին:

Հանդիսավար՝ մեծանուն արուեստագիտուհի Նունէ Աւետիսեանի բացման եւ ողջոյնի ջերմ խօսքէն ետք, Արփի Այնթապլեան գեղեցիկօրէն կատարեց ամերիկեան եւ հայկական օրհներգները:

Արեւմտեան թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան գիրը կարդաց Արժ. Տէր Յովսէփ աւագ քահանայ Յակոբեան, որմէ ետք տէր հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց Պրն. Մուրատեանին, որուն հեռատեսիլի ժամէն տէր հայրը քրիստոնէական պատգամներ կու տար, մաղթելով մեծարեալին առողջութիւն եւ ամենայն բարիք:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գաղութիս Իրանահայերու, Պոլսահայերու եւ Իրաքահայերու Ընտանեկան միութիւններուն կողմէ, որոնց ներկայացուցիչներ Հրանդ Աւանէսեան, Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ եւ Խաչիկ Ճանոյեան ողջոյնի եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքերով դիմաւորեցին ներկաները: Ապա կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ Տոքթ. Մարալ Անճարկոլեան յուշատախտակ մը յանձնեց մեծարեալին:

Իր պատուաբեր ներկայութեամբ ձեռնարկը կը հովանաւորէր ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, որ իր պաշտօնավարման առաջին շրջանին (25 տարի առաջ), ծանօթացած եւ գործակցած է Սարգի Մուրատեանի հետ, բազմիցս ելոյթ ունենալով անոր հեռատեսիլի ժամէն: Պրն. Գլխաւոր հիւպատոսը մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարեալին, որ իր արուեստով, հեռատեսիլի ժամով, գրականութեամբ, հայրենասիրական ոգի տարածած է մեր գաղութէն ներս:

Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, նախագահ՝ Մաշտոց քոլէճին, որ սրտի ջերմ եւ խորիմաստ ելոյթէ ետք, Պատուոյ փրոֆեսորի կոչում  շնորհեց մեծարեալ Սարգի Մուրատեանին, անոր հայ արուեստին, գիր ու գրականութեան եւ հայ հեռատեսիլին մատուցած մեծ վաստակին համար:

Իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ հայրենի ծանօթ արուեստագէտ Մարգարիտ Դերանց, որ մեղրահամ հայերէնով մը վեր առաւ մեծարեալին բազմերես ծառայութիւնները հայ մշակոյթի հարստացման ի խնդիր: Մարգարիտ Դերանց իր եւ ներկաներուն անունով մեծապէս գնահատեց եւ շնորհաւորեց մեծարեալը:

Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան մօտ 60 տարիէ ի վեր ծանօթ է Սարգի Մուրատեանին եւ գործած է անոր հետ: Ան քանի մը դրուագներ պատմելով յիշեց եւ գնահատեց Սարգի Մուրատեանը, հանգուցեալին տիկինը՝ Քէթի Մուրատեանը, իրենց յատուկ ծառայութեանց համար: Օշին Քէշիշեան Սարգի Մուրատեանի “Armenian Teletime”-ի կայանէն 200 անգամէ աւելի ելոյթ ունեցած է, յատկապէս հայկական եւ ամերիկեան լուրեր տալով: Իսկ Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժէն քանի մը օր յետոյ, Օշին Քէշիշեան, Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եւ Թոմիկ Ալեքսանեան, Սփիւռքի առաջին Թելեթոնը կազմակերպեցին, ի նպաստ հայրենի աղէտահար ժողովուրդին:

Ապա, իրենց մէկը միւսէն գեղեցիկ երգերով ներկաներու ջերմ ծափերուն արժանացան Լոս Անճելըսի հայութեան պարծանքը հանդիսացող Ռազմիկ Մանսուրեան, Mister X, Յարութ Յակոբեան եւ Արփի Այնթապլեան:

Նմանապէս, պաստառէն հնչեցուցած իրենց գեղեցիկ երգերով ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան Մանուէլ Մէնէնկիչեան եւ Սարգի Մուրատեանի զաւակները՝ Կեւըն Ճորճ, Արա եւ Սթիվ, որոնք երկրաշարժի օրերուն Հայաստան մեկնեցան եւ բարեսիրական ելոյթներ ունեցան երկրաշարժէն տուժած բազմակարօտ ժողովուրդին:

Վերջաւորութեան, ներկաները մեծագոյն հաճոյքով լսեցին Սարգի Մուրատեանի երգարանի հրատարակիչ, հայրենի գրող եւ մտաւորական Մարթին Շիրինեանի խիստ շահեկան ելոյթը: Հեղինակը խօսեցաւ գիրքի պատրաստութեան շուրջ մէկ տարի տեւող աշխատանքին մասին, եւ թէ այս երգարանը պատրաստելով ինք աւելի սիրած, յարգած եւ գնահատած է այս երգերուն հեղինակը:

Այս երգարանը կ՚ընդգրկէ ազգային-հայրենասիրական, քնարական եւ էսդրատային երգերու շարք մը, որոնք արդէն ձայնասկաւառակի վրայ դրուած են:

Այս երգարանը տպուած է Սարգի Մուրատեանի զաւակներուն ծախսերով, իսկ ներփակուած սկաւառակի ծախսերը հոգացած է Սարգի Մուրատեանի քոյրը՝ Տէր եւ Տիկ. Սենօ եւ Ռայնա Մուսալի:

Սարգի Մուրատեանի խիստ յուզիչ եւ ծիծաղաշարժ խօսքերով վերջ գտաւ այս իրապէս յիշարժան ձեռնարկը:

Ժողովուրդը մօտ չորս ժամ անձանձրոյթ հետեւեցաւ յայտագրին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երգարանի գինեձօնի արարողութիւնը:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ կազմակերպիչ երեք միութեանց կողմէ ճոխ հիւրասիրութիւն մը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին