Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ուս-ցցիչ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Դասընկերներէս մին յիսնամեակ մը առաջ «բառարան» մը յօրինեց (չակերտեցի, քանի որ մի քանի տասնեակ իսկ չէր), ուր չէր մոռցած«ուսուցիչ» բառը, զոր տարբաղադրելով ըրած էր ուս-ցցիչ. այսինքն՝ դժգոհ ստացած գումարէն:

Որեւէ հարց եթէ ամբողջութեան մէջ չքննուի, անպայման թերի կողմ մը կամ կողմեր պիտի ունենայ: Ապրողն ու դիտողը նոյն պարագաներու տակ չեն ի հարկէ: Ոչ թէ նոյն, այլ իրարմէ շա՜տ տարբեր, որքան ալ դիտողը ապրողի դերին մէջ ինքզինք զգայ: Ամէն ժամանակ իրեն յատուկ քերականութիւնը ունի: «Խորհրդածութեան» դասընթացքի հետեւելու համար պէտք է տանէի սպիտակ թաշկինակ, պտուղ եւ այդքան: Ասոնք՝ իբրեւ խորհրդանիշ, քանզի  Հնդկաստանի անտառներու միստիկը ի՞նչ բանի պէտք պիտի ունենար. ինքնաշարժի՞, կահաւորուած տա՞ն, թէ ինչ որ մեզի համար արդ անհրաժեշտ կը նկատենք, հուսկ պիտի վճարէինք գումար մը:

Այլ առիթով եւ այլ տեղ ալ հնդիկ երկրաչափի մը  հետ խօսակցութիւնս դէպի եոկայի դարձնելով հարց տուի, թէ ինք կ’ուսուցանէ՞: Պատասխանը եղաւ դրական, ուստի շարունակելով հատուցումի մասին հարցուցի, ըսաւ՝ «ԱՆՎՃԱՐ»:

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ»: Կ’ուզէի հոն հասնիլ: Գագաթներ ու ես ալ իմ կարգիս բաշխել ու տալ բոլորի՛ն ձրի: Եւ սակայն օրերու ընթացքը տարբեր պիտի ըլլար: Իմ մտացածին սէրս, ուսուցչութիւնը պիտի չկարենայի իրագործել: Քանի՜-քանի՜ անցարգելներ պէտք էր, որ անցնէի, քանզի հաստատութիւններ (Էսթապլիշմընթ) պէտք էր յաղթահարէի: Հաստատութիւններն ու զանազան կառոյցներ ունէին իրենց անձնագիրերը: Եթէ պետական պաշտօնէութիւն էր, յարանուանական եւ այլ անձնագիր պէտք էր, եւ շարքը կ’երկարի՝ կուսակցական, միութենական կամ այլ: Վերջապէս ամէն հաստատութիւն ունէր իր կանոնագիրքը եւ ոչ միայն այդքան, այլ կար նաեւ անձնական գործօնը՝ խնամի, ծանօթ, բարեկամ …

Ժամանակն ու տարիներու փորձառութեան դասերը անմոռանալի իրենց դրոշմը կը հաստատեն, երբ ապրիս ամբողջ էութեամբդ:

Տարիները թաւալեցան ու տղուս ըսի, որ եթէ ուսուցչական կամ շարժումի մը կապուածութեամբ պիտի օրապահիկդ շահիս, նկատի ունեցիր, որ պատերազմի դաշտ կը մեկնիս ԿԱՄԱՒՈՐ: Այլապէս ասպարէզդ փոխէ՛: (Հոս կանգ առնենք):

Դասաւանդող ուսուցիչներէս ա՛յդ եւս ստացած էի իրենց երբեմն-երբեմն ունեցած պոռթկումներուն միջոցաւ: Ուսուցիչներս գլխաւոր երկու մասի կը բաժնեմ. դասատու եւ դաստիարակ: Առաջինները իրենց քառակուսի արմատներով զբաղած են, իսկ երկրորդ տեսակը՝ դասին հետ նաեւ դասեր կեանքէն ու նայած նիւթին՝ կեանքը իր ամբողջութեան մէջ համընդհանուր պարունակով:

«Գիր սիրի, Ղալամ սիրի, Տաֆթար սիրի»: Հիմա դարը «յառաջդիմած» է: Ջնջած է ամէն սահման ու սահմանում ու հասած է տնտեսութեան մակարդակին, ուր հազուադէպ են վեհութիւն ու մարդկայնականութիւն: Այս է նոր իրավիճակը: «Բարոյական» բառը չեմ ուզեր գործածել, քանզի բառեր կան, որոնք անսգիւտ են եւ անյարիր քաղաքական դաշտին:

Կեանքն ամբողջ դարձած է անտառապատ, ու ապրելու համար պէտք է ունենալ կամաւորի ոգի: Առ այդ, պէտք է պատրաստուի ու զինուի մեր նոր սերունդը:

«ԿԱ՛Մ ՎԱՀԱՆՈՎ, ԿԱ՛Մ ՎԱՀԱՆԻՆ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին