ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայրենիքի մէջ, անցեալ տարուան 31 Մարտ-ին ծնունդ առած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը յառաջիկայ օրերուն կը ծաւալէր համայն հայրենիքի տարածքին, ոտքի հանելով հայ ազգի զաւակները, քօղազերծելով ժողովրդային թաքնուած դժգոհութիւնը, վանելու համար նախկին մենատիրական վարչակարգն ու անոր հեղինակները, նոր եւ ժողովրդավարական գաղափարախօսութեամբ օժտուած երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներով, կերտելու համար ժողովրդավար, արդար եւ բարեկարգ Հայաստան:
Այս շարժումին ղեկավարն էր Նիկոլ Փաշինեան: Ան համաշունչ հոյլ մը ընկերներով սկսաւ այս շարժումը, պարզ քայլարշաւով մը՝ Գիւմրիէն, հասնելու համար Երեւան, աշխարհի մէջ հազուագիւտ, անակնկալ եւ արտասովոր երեւոյթով մը, տապալելու համար ծառացած նախկին իշխանութիւնը։ Յեղափոխական այս աննախընթաց շարժումը անուանուեցաւ Թաւշեայ յեղափոխութիւն, իր անարիւն, մեղմ եւ հեզասահ ընթացքով տեղաւորուելու համար Հայրենիքին մէջ որպէս նոր իշխանութիւն:
***
Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան սրահին մէջ, Քանոկա Փարք, Քալիֆորնիա, տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ նիւթով բանախօսական երեկոյ մը, օրուան գլխաւոր բանախօս ունենալով Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան: Միջոցառումը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան նախաձեռնութեամբ, որուն ներկայ էր մշակութասէր եւ հայրենասէր հոծ բազմութիւն մը, ի մասնաւորի՝ արժանի է այստեղ յիշել նոր սերունդի հոծ թիւով ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց սերտողութեան պահերը զոհած էին ներկայ գտնուելու համար սոյն հետաքրքրական բանախօսութեան:
Օրուան հանդիսավար Յակոբ Մարտիրոսեան բարի գալստեան խօսքերէ եւ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանի կենսագրական գիծերը ներկայացնելէ ետք հրաւիրեց զինք, որպէսզի ներկայացնէ բոլորին անհամբեր սպասուած բանախօսութիւնը:
Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան ծնած է Երուսաղէմ: Ան յաճախած է տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց վարժարանը. պաղեստինեան պատերազմի ժամանակ անցած է Յորդանան շարունակելու համար իր ուսումը այնտեղ։ Մէկ տարի ետք կ՚անցնի Պէյրութ, Լիբանան, Մխիթարեան վարժարան, կրկին մէկ տարիով, որմէ ետք կը շարունակէ իր ուսումը ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս, դառնալով շրջանաւարտ: Մէկ տարի Ամերիկեան համալսարան յաճախելէ ետք կը գաղթէ Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ, մասնագիտանալու համար մասնաւոր կրթութեան մարզին մէջ Մագիստրոս աստիճանով:
Փրոֆ. Քէշիշեան ունի 31 տարուան ուսուցչական նուիրում, խմբագրական եւ աշխատակցական գործունէութիւն «Զարթօնք», «Նոր Օր» եւ այլ հայատառ թերթերու: Այժմ կը վարէ մօտ 50 տարեկան իր սեփականութիւնը հանդիսացող «Տը Արմինիըն Օպզըրվըր» շաբաթաթերթին խմբագրութիւնը:
Ոչ մէկը աւելի հարազատ ու մտերմիկ պիտի կարենար ներկայացնել նման բանախօսութիւն մը ներկաներուն, որոնք կլանուած էին մէն մի բառին ապրումով, կարծէք վերապրելու համար Թաւշեայ յեղափոխութեան պահերը, որոնք կը ցուցադրուէին պաստառին վրայ, բանախօսութեան ընթացքին: Նման «յեղափոխութիւն» չէր տեսած հայ ազգը:
Փրոֆ. Քէշիշեան անդրադարձաւ անոր հիմնական պատճառներուն, ծնունդին, հեղինակին, մասնակիցներուն, ապա՝ եզրափակեց ներկայ կարգավիճակին մէջ կատարուած բարելաւման նշումներով եւ տեղեկութիւններով:
Բանախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ասուլիսի եւ հարցազրոյցի պահ մը, որուն յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Շնորհակալութիւն ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնութեան իրենց փափկանկատ թոյլտուութեան, Աղաճանեան սրահի գործածութեան համար:
Շնորհակալութիւն ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան, նման միջոցառման կազմակերպութեան համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ