Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներուն հանդիպումը ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ

Լոս Անճելըս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, 2 Մարտ 2019-ին, ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու վարչութեան հրաւէրով, խումբ մը Ասպետուհիներ եւ Ասպետներ մտերմիկ ներկայութիւնը վայելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի եւ անոր ազնուափայլ տիկնոջ։

Բացման խօսքին մէջ, ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու վարչութեան ատենապետ Տիար Հերրի Սինանեան բարի գալուստ մաղթեց մեծարգոյ Գլխաւոր հիւպատոսին եւ տիկնոջ, շնորհաւորեց զայն Փետրուար 27-ին ՀՀ վարչապետ, մեծայարգ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի առաջադրանքով եւ ՀՀ մեծարգոյ նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով «Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան»-ի աստիճան ստանալուն առիթով։

Ապա, Պրն. Սինանեան հրաւիրեց նախկին ատենապետներէն Տիար Տիրան Ճերեճեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոն կազմակերպելու անոր նախաձեռնութեան համար։ Ճերեճեան անդրադարձաւ ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու գործունէութեան եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց Ասպետներու անցած աւելի քան 15 տարիներու վրայ տարածուող գործունէութիւնը, ընդգծելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ձգտող թուրք, հայ եւ այլ օտարազգի պատմաբաններու վկայակոչումները։ Ձեռնարկներու ծիրէն ներս, յիշեց «Արաբական գարուն»ը, «Հայաստանը՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ» քաղաքական բնոյթ կրող Ասպետներու «Երեկոյ մը մտաւորականի հետ» (An evening with a scholar) տարեկան գաղութային ձեռնարկները։

Դոկտ. Բայբուրդեան, իր հերթին, սրտբացօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան սկիզբէն մինչեւ Թաւշեայ յեղափոխութիւնն ու մեր օրերու մարտահրաւէրներուն։ Հմուտ պատմաբանի եւ ճկուն դիւանագէտի իր վերլուծումներով, ան լայնօրէն զրուցեց մեզ յուզող Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն, նոր մօտեցումներուն, եւ Ասպետներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն ան ոչ միայն  սպառիչ, այլեւ գործնական եւ կիրառելի լուծումներ առաջարկեց։ Գլխաւոր հիւպատոսը իր խօսքին մէջ, Սփիւռք-Հայրենիք սերտ կապի գործունէութեան մէջ գոհունակութեամբ եւ գնահատանքով անդրադարձաւ ՀԲԸՄ-ի երկու նախաձեռնութիւններու, որոնցմէ մին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Երուանդ Զօրեանի “Synopsis” (Silicon Valley) հաստատութեան միջոցներով, այսօր արդէն 700-ի հասնող գործատեղեր ապահովուած է եւ շուտով 1000-ի հասցնելու ծրագիրներ կան, ոչ միայն Երեւանի, այլեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին։

Ան մեծ գնահատանքով կարեւորեց,– դարձեալ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնի անդամ,– Տիար Սէմ Սիմոնեանի հաստատած TUMO Brand-ը,  եւ անոր բերած անփոխարինելի նպաստը Հայաստանի մէջ, որուն միջոցով ան հսկայական դեր կը խաղայ եւ կը բաշխէ բարիքներ նորահաս սերունդին։

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու համախմբումը նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ հայրենի դիւանագէտին, ա՛լ աւելի ամրագրելու կապը Հայրենիքի եւ քալիֆորնիահայութեան միջեւ։

 

Տ. Կ. Մ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին