Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

«Հացին երգը» մեր սեղանի վրայ

ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարան

«Ու երբ հարսերը թխեն հացը բարի, սիրերգութիւն թող ըլլայ»

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 15 Փետրուար 2019, Ուրբաթ կէսօրին, 10-րդ դասարանի աշակերտներս «գիւղական» տոհմիկ սեղանի շուրջ նստած՝ վայելեցինք տաք հացը եւ անոր ընկերակցող այն բոլոր ուտելիքները, զորս բնութիւնը շնորհեր է մեզի. կանաչեղէններ, ձիթապտուղ, հայկական ծիրանէ պատրաստուած անուշ եւ ոչխարի կաթէ՝ պանիր: Սեղանէն պակաս չէին նաեւ թարխունի հիւթն ու հայկական հանքային ջուրը՝ «Ջերմուկ»ը:

Անիկա աւանդական ջերմ սեղան մըն էր, որ պարոն Նորայր Տատուրեանը երեք տարիէ սկսած է բանալ 10-րդ դասարանցիներուս համար, երբ վերջացնենք Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» ժողովածուի սերտողութիւնը: Դասարանին մէջ սորվեր էինք, թէ բանաստեղծը, 1913-14 թուականներուն սկսեր էր հացի համար հողագործին կատարած աշխատանքի իւրաքանչիւր փուլը եւ անոր թափած քրտինքը փառաբանող քերթուածներ գրել: Կարդացեր էինք սքանչելի բանաստեղծութիւններ. «Մշակները», «Անդաստան», «Բարտիները», «Ցորեանի ծովեր», եւ այլն: Սակայն, Վարուժանը ժամանակ չէր ունեցած գրելու վերջին երկու տեսարանները. հացը թխել եւ ընտանեկան սեղանի վրայ զայն վայելել, քանզի ան աքսորուեցաւ եւ սպաննուեցաւ: Հացի այս արարողութեամբ, մենք մեր չափերով ամբողջացուցինք Վարուժանի կիսաւարտ գործը ու կատարեցինք անոր փափաքը:

Այդ օր բոլորս սեղան նստեցանք աղօթքով… «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ…» եւ անկէ ելանք երգով… «Բարձրացնենք բաժակները հերոսների կենացը, երկար լինի մեր այս կեանքը անուշ մնայ մեր հացը»: Սեղանաճառը խօսեցաւ մեր ուսուցիչը՝ Պարոն Տատուրեանը: Ան բոլորիս բացատրեց հացի եւ սեղանի խորհուրդը ու մաղթեց, որ հացը մեր սեղաններէն պակաս չըլլայ: Այս խօսքերէն ետք, թարխունի բաժակները բարձրացուցինք մշակներու պատուին: Աւարտին բոլորս արտասանեցինք «Անդաստան»-ի վերջին երկտողը.

 

«Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝

Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ»։

Քաղուած՝ վարժարանէն կայքէն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին