ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մայր մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, միատեղ աշխատանքով ներկայացուեցաւ «Հայ բանաստեղծութեան իշխան», մեծանուն Վահան Թէքէեանի գրական ժառանգութիւնը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան աւելի քան 70-ամեայ անցեալը, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ի երեկոյեան:
Օրուան հմուտ հանդիսավար, ազգային միութենական եւ կուսակցական երկարամեայ նուիրեալ Բարսեղ Քարթալեան կատարեց հանդիսութեան բացումը ի ներկայութեան մեծաթիւ մշակութասէր հանրութեան: Ներկայ էին կրօնական դասի ներկայացուցիչներ՝ Գերշ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Արժ. Տէր Մանուկ աւագ Քհնյ. Մարգարեան, Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. եւ Տիկ. Արմէն Բայբուրդեան, բազմաթիւ ազգային, միութենական միութիւններու ներկայացուցիչներ, լրատուամիջոցներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, վեր առնելով ԹՄՄ-ի տասնամեակներու մշակութային գործունէութիւնը։
Օրուան գլխաւոր բանախօսներն էին Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան (մասնագիտութեամբ սրտաբան) եւ բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան: Գեղարուեստական բաժնին մէջ, ասմունքով ներկայացաւ Տիկ. Մելօ Էքիզեան՝ Թէքէեանէն քերթուածներու փունջով մը, Շուշան Յակոբեան դաշնամուրի երկու նուագով եւ Մարիամ Աղաջանեան երեք մեներգով՝ մասնակցութեամբ Շուշան Յակոբեանին։ Իսկ մայր եւ դուստր Սալբի եւ Սօսի Քորքունեանները («Երկնային տաղեր») երեք կտորներով հմայեցին ներկաները իրենց տաւիղով եւ սրինգով:
Ծանօթ բեմբասաց, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի հաւատաւոր նուիրեալ Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան ներկայացուց Վահան Թէքէեանն ու անոր յիշատակին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, 1947-ին հիմնուած Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, անոր նպատակակէտը, ազգային մշակութային կեանքին մէջ նախատեսուած գործունէութիւնը եւ մինչեւ այսօր տարուած ծառայութիւնները հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Տոքթ. Ատանալեանի հայերէն լեզուի բարձրադիր բանախօսութիւնը հիացմունքով ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ, արժանանալով Հայաստանի հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին եւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին:
Բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան ներկայացուց Վահան Թէքէեանի կեանքը, ազգային եւ մշակութային գործունէութիւնները եւ մանաւանդ գրականութիւնը, որոնք անժամանցելի եւ գերիշխող մնացին մինչեւ այսօր հայ բանաստեղծութեան մէջ: Թամարա Յովհաննիսեան բանասիրական ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Վահան Թէքէեանի քերթուածներուն հարուստ ժառանգութիւնը:
Հանդիսութեան ընթացքին, անակնկալ մը կատարելով, բեմ հրաւիրուեցաւ ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախորդ 25 տարիներու ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանն ու տիկինը՝ Սօսին, պատուըուելով ԹՄՄ-ի յուշատախտակով, ձեռամբ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսին։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:
ԹՂԹԱԿԻՑ