Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարան Վարդանանց հանդիսութիւն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 15 դարեր առաջ հայ ժողովուրդը իր մեծով ու պզտիկով, նախարարներով ու բանակով, կրօնական դասով ու համայն ժողովուրդով միակամ ոտքի կանգնեցաւ ըսելու համար՝ ո՛չ պարսիկներու հզօր կայսր՝ Յազկերտի որոշումին, ուրանալու քրիստոնէական կրօնքը եւ ընդունելու կրակապաշտութիւնը: Հայ ժողովուրդը առաջիններէն մէկն էր «մարդկային իրաւունք»ներու դէմ պայքարողներուն, «Վասն կրօնքի վասն հայրենեաց» լոզունգով, որ դարերէ իվեր տակաւին իր կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը կը զգանք հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Հայ Քոյրերու Վարժարանի կեանքին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ Վարդանանց տօնակատարութիւնը: Ամբողջ Փետրուար ամիսը նուիրուած կ՚ըլլայ Վարդանանց քաջերու յիշատակին, սորվելով ոտանաւորներ երգեր եւ յատկապէս թատրոնի պատրաստութիւն: Այս տարի Վարդանանց ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ երկու օրերու ընթացքին՝ Փետրուար 26-ին եւ 27-ին, Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն:

Վարդանանց թատրոնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի երեկոյեան Հայ Քոյրերու Վարժարանի Դանիէլեան սրահէն ներս ներկայութեամբ Ամերիկայի եւ Քանատայի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի, Առաքինազարդ Քոյրերուն եւ ծնողներու ու հիւրերու: Հանդիսութիւնը սկսաւ Նորահրաշ շարականով, ապա Լինտա Գանտիլեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը։ 8րդ դասարանի աշակերտները մասնակցութեամբ եօթներորդ դասարանի աշակերտներուն ներկայացուցին Վարդանանք թատրոնը իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Այս տարի թատրոնի ներկայացումը յանձնուած էր վարժարանիս աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ իրենց հայերէնի ուսուցչուհի՝ Լինտա Գանտիլեանին: Գեղեցիկ տարազաւորումով, պատշաճ երաժշտութեամբ, յստակ առոգանութեամբ, անսխալ արտայայտութեամբ անոնք մէկ ժամ ամբողջ կրցան ժողովուրդը փոխադրել Աւարայրի դաշտ, Տիզպոն, Աշտիշատ եւ Անգղ գիւղ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ եօթներորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներու խմբային պարով։

Հանդիսութեան վերջաւորութեան Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։

***
Յաջորդ օր վարժարանիս աշակերտութեան համար դարձեալ տեղի ունեցաւ աւանդական հանդէս նուիրուած՝ Վարդանանց հերոսներու: Առաւօտուն տեղի ունեցաւ Ս.Պատարագ, օրուան պատարագիչն էր Գերապայծառ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, որ աշակերտներուն մանրամասն բացատրեց Վարդանի եւ ընկերներուն զոհողութեան ոգին՝ պահելու իրենց փոխանցուած աւանդը նոյնիսկ իրենց մահուան գնով:

Նոյն օրուան յետմիջօրէին տեղի ունեցած հանդէսին կը մասնակցէին վարժարանիս բոլոր աշակերտները, հիւրաբար ներկայ էր Դոկտ. Սիլվա Գարայեան, վարժարանիս Մայրապետները, ծնողներ, ուսուցիչներ:

Օրուան հանդիսավարն էր հայերէնի ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեան: Վարժարանի տնօրէնուհի Քոյր Լուսիայի բացման խօսքէն ետք իրենց մասնակցութիւնը բերին Մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտները երգելով, պարելով, արտասանելով եւ կրկնելով թատրոնը անգամ մը եւս եւ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն աշակերտներու եւ ծնողներու մօտ:

Ոգեկոչումի աւարտին, Տնօրէնուհի՝ Քոյր Լուսիա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան յայտագրի եւ թատրոնի  պատրաստութեան  պատասխանատու՝ Լինտա Գանտիլեանին, երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Վարդուհի Պաղտասարեանին եւ հայերէն լեզուի բոլոր ուսուցչուհիներուն, որոնց միացեալ աշխատանքով եւ ջանքերով իրականացած էր գեղեցի հանդէս մը:

 

Յապաւումներով

 

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին