Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Բարեկենդանը եւ Վարդանանցը շաբաթօրեայ վարժարանի մէջ

Փասատինա

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը 2 Մարտ 2019 թուականին խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնեց Բարեկենդանը եւ Վարդանանց տօնը:

Շաբաթ օր յետմիջօրէին դպրոցի աշակերտութիւնը եւ ծնողները Աւարայրի ճակատամարտի մասին տեղեկացուելու եւ Վարդանանց սուրբերը յիշատակելու համար հաւաքուեցան Տունայեանց սրահին մէջ: Օրուան պատշաճ ոտանաւորներն ու երգերը իր սանիկներով պատրաստած էր մանկապարտէզի ուսուցչուհի Օրդ. Անի Մարսէլեանը: Վարժարանի ամենափոքրիկ աշակերտները Վարդաններ դարձած, սուրեր եւ վահաններ բռնած, նախ տողանցեցին սրահին մէջ, ապա բեմ բարձրացան ու եռանդով կատարեցին իրենց բաժինները: Ամբողջ աշակերտութիւնը դիտեց Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած սահիկներու ցուցադրութիւն մը: Ա. եւ Բ. կարգերու ուսուցչուհիներ Ազնիւ Սէրայտարեանն ու Մարալ Դաւիթեանը տասնեակ մը պատմական նկարներու հետեւողականութեամբ նկարագրեցին ռազմադաշտը, մարտնչող երկու կողմերու նպատակը ու աշակերտներուն փոխանցեցին Վարդանանցի ոգին: Ներկայացումի աւարտին դահլիճին մէջ հնչեց Հայաստանի օրհներգը:

            Այդ օր վարժարանի մէջ կար կրկնակի ուրախութիւն. բոլոր աշակերտները ստացան դիմակներ, վայելեցին հայկական կաթան ու տօնեցին հայոց տոհմիկ տօնը՝ Բարեկենդանը: Ուսուցչուհի Ա. Սէրայտարեանը բոլորին բացատրեց, թէ Պատմական Հայաստանի մէջ անցեալին ինչպէս կը տօնուէր ան եւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինչպէս կը տօնուի:

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին