«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մինչ Սուրիոյ Ալ-Պաուզ շրջանին մօտ սաստիկ բախումներ կ’ընթանան, երէկ հաղորդուեցաւ, որ մեծ թիւով Տաէշի ահաբեկիչներ աձնատուր եղած են եւ յանձնուած են քրտական ջոկատներուն:
Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնեց «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը, նշելով, որ քիւրտ դեմոկրատական ուժերուն յանձնուող ահաբեկիչներուն թիւը կը գերազանցէ 2000-ը:
Յիշեցնենք, որ տարբեր լրատուական աղբիւրները կը նշեն, որ Պաուզը այսօր կը համարուի Տաէշ ահաբեկչական խմբաւորման վերջին թաքստոցներէն մին: