«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Վրաստանի նախագահը ծաղիկներ խոնարհեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող անմար կրակի մօտ:
Սալոմէ Զուրապիշվիլին եղաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն. գրառում կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
Վրաստանի նախագահին կ՝ուղեկցէին ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը: