«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 12 Մարտ 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի համանախագահութեամբ կայացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը: Օրակարգի հիմնական թեման կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումի գործընթացին մէջ ներկայ իրավիճակի համատեղ գնահատումին եւ համակարգուած գործողութիւններու ուրուագծումին: Քննարկումներուն Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու անդամներուն կողմէ գնահատուեցաւ Արցախի անվտանգութեան համակարգը եւ վերահաստատուեցաւ, որ պաշտպանութեան ապահովման կարողութիւնները երաշխաւորուած են եւ կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ:
Միեւնոյն ժամանակ, հայկական երկու կողմերը վերստին ընդգծեցին իրենց աջակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումին` հիմնուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու, մասնաւորապէս ժողովուրդներու ինքնորոշումի իրաւունքի իրագործման վրայ։ Ընդգծուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի ծիրէն ներս Արցախի անվտանգութեան ապահովումն ու կարգավիճակը հայկական կողմերուն համար եղած են եւ կը մնան բացարձակ գերակայութիւններ: Կարեւոր համարուեցաւ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, վտանգի նուազումը եւ միջադէպերու կանխարգիլումի մեքենականութիւններու եւ փոխվստահութեան ամրապնդումին ուղղուած քայլերու ներդրումը, ինչպէս ամրագրուած է Տուշանպէի, իսկ մինչ այդ նաեւ Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն: