«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի քաղաքացիական օդագնացութեան ընկերութեան գլխաւոր վարչութիւնը արգիլեց եթովպական Boeing 737 MAX ինքնաթիռի ոչ միայն վայրէջքը Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայան, այլ նաեւ Լիբանանի օդատարածքի օգտագործումը:
Ինչպէս «The Daily Star»-ին կը հաղորդէ օդագնացական ընկերութեան գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Մուհամմատ Շեհապետտինը, ան շրջանառութեան մէջ դրաւ շրջաբերագիր մը՝ ըսելով, որ վերոյիշեալ ինքնաթիռին կ’արգիլուի վայրէջք կատարել Պէյրութի օդակայանը եւ օգտագործել երկրի օդային տարածքը՝ Եթովպիոյ մէջ Ethiopian Airlines-ի Boeing 737 ինքնաթիռի վթարէն ետք, որ պատճառ դարձաւ 149 ուղեւորի եւ անձնակազմի 8 անդամի մահուան: Վթարին պատճառը կը մնայ անորոշ: Նշենք, որ 5 ամիս առաջ նմանատիպ 737 MAX 8 ինքնաթիռ մը նոյնպէս վթարի ենթարկուեցաւ Էնտոնեզիոյ մէջ, որուն պատճառով մահացաւ 189 հոգի:
Նմանապէս Եւրամիութիւնը, ինչպէս նաեւ Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի այլ պետութիւններ դիմեցին այս քայլին: