Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Շողգամը

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Նախակրթարանի մնացած օրերէս, ինչպէս նաեւ հետագայի աշակերտութեան, ամէն ինչ չէ որ առիթներով ինքզինք յիշել կու տայ, բայց ինչ որ տպաւորուած է հինէն, կը մնայ դրոշմուած անքակտելիօրէն. այսինքն՝ դաջուած, անքակտելիօրէն ամրացած:

Նստինք նախակրթարան. Բանանք գիրքը ու նկարով ալ զարդարուած գրութիւնը՝ ՇՈՂԳԱՄԻ պատմութիւնը: Հարցը շողգամին  փարուածութեան է՝ խրուած հողին, եւ ի հարկէ ծաւալը, որով դժուար վիճակի մատնած է զայն պոկել ուզողը, որ կը քաշէ ու կը քաշկռտէ «քաշեցին ու քաշեցին, շողգամը հողէն չհանեցին»: Կու գայ պապիկը, կու գայ մամիկը եւ… ընտանիքի փոքր անդամներ եւս ու վերջ ի վերջոյ շողգամը տեղէն դուրս կը հանեն:

Դասընկերներէս մին, որ խորհրդային Հայաստան ուսանած էր գրականագիտութիւն, ի հարկէ աւարտելէն ետք վերադարձաւ վկայականով եւ ուսուցչութեան ասպարէզ պիտի ընտրէր տրամաբանօրէն: Այդպէս ալ եղաւ, սակայն ինծի իր դժգոհութիւնը յայտնեց բարձրագոյն դասարաններու մէջ տեղ չգտնելուն համար: Իսկ ես ապշած մնացի իր այդ մտածողութեան եւ ըսի. «Եթէ ես տնօրէն ըլլայի, ամէնէն հմուտ ուսուցիչները  ամէնէն փոքր դասարաններու կը հրաւիրէի՝ աւելցնելով, որ Աստուածաշունչի մէջ գրուած է «Կրթէ՛ մանուկը ճամբան սկսած ատենը»: Ու վե՛րջ:

Ինչքա՜ն պատմուածքներ կան խորքային իմաստնութեամբ, որոնք պարուրուած են մանկական քաղցրութեամբ ուսանելի: Կատարելութիւն յուսալ բնական է, բայց իրականութեան չի համապատասխաներ: Վերջ ի վերջոյ մարդ արարածը միշտ ալ ձգտող եղած է, ու այդ խթաններէն մին է յառաջդիմութեան: Այդքան: Ու այդ ալ բաւական է:

Ինչ որ ենք վերջ ի վերջոյ մեր մտածողութեան արգասիքն ենք, որ կու գայ դպրոցներէն, բարձրագոյնէն, ապա համալսարան ու դեռ անկէ անդի՛ն անհատական աշխատանքով ու անձնական ուժերը մէկ հաւաքականութեան մէջ պարփակելու: Սարուխանեան գծանկարով երրորդութիւնը. եկեղեցի, դպրոց, ակումբ:

Այս օրերուս, երբ արդէն Ապրիլեան եղեռնի մասին յայտարարութիւններ կ’երեւին արդէն, մեր դէմ ունինք ՀԱՐՑ մը, որ տակաւին կը սպասէ լուծումի ու մենք կը «քաշենք ու կը քաշկռտենք»: Արդեօք պիտի հասնի՞նք լուծումի մը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին