Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Ներուժ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Բնազդը կենդանական աշխարհին գոյատեւումի հիմն է: Անով կառչած է կեանքին ինքնապաշտպանութեան թէ յարձակումի պարագաներուն: Երբ յարձակումի ենթակայ է, գործի կը լծուի վախը, որ կը զօրացնէ յարձակողը՝ ի գին կեանքի փրկութեան: Մարդ արարածի պարագային ալ ուրիշ բան չէ. բնազդը ուժեղ է բանականութիւնը մթագնելու չափ, ու գրեթէ այս վերջինը կը ծուարի, տեղի կու տայ, մինչ բնազդը իր գործը կը կատարէ: Բանականութիւնը կը պարտուի: Պատմութեան մէջ  բացառիկ պարագաներու, հուսկ բացառիկ անձերու կը պատկանի կամովին մահը, ինչպէս Զէնօ, Սոկրատ: Բնազդը չ’ուզեր հեռանալ, ընկրկիլ եւ մանաւանդ մեռնիլ: Ան ապրող ու ապրեցնող շարժիչն է: Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Այվազովսկիի մէկ ծովանկարը կը պատկերէ ընկղմած նաւու կայմին գագաթը մագլցող նաւազը, իր ճիգին մէջ աւելի բարձրանալու, բայց դէպի ո՞ւր. երկի՞նք…ԴԷՊԻ ՅՈՅՍ:

Սակայն աճապարեցինք: Գարնանային կենդանութեամբ անցնի՛նք տեսակաւոր միջատներու, կենդանիներու, թիթեռնիկներու ընկերակցութեան, որոնք կեանք կը բուրեն, կեանք կը խաղան, կեանքին կը նային ու կը սկսին դաշտերը կանաչապատուիլ, ծառերը ծաղկիլ, որոնք պիտի տան իրենց  արգասիքը: Թռչունները երգեն, բանաստեղծները քերթեն կեանքի ծաղկումը՝ երաշխիքը գոյութեան, ինչպէս լեզուն ազգի մը գոյութեան մէկ գրաւականն է, մանաւանդ մեզի՝ հայերուս, որ ունեցած ենք անոր կարօտը օտար ու թշնամական մթնոլորտի մէջ՝ արգիլելով մեր լեզուի գործածութիւնը: Սակայն օրերը փոխուեցան ու դպրոցական գրասեղաններէն կ’արձագանգէ բանաստեղծին գրչով, ինչ բանէ որ զրկուած էր հայրս ու շատ շատեր հօրս նման:

«Քեզ, հայ լեզու, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման,

Մեր անցեալի թանձրախիտ ստուերներու մէջ կարծես

Մէյ մէկ պտուղ քու բոլոր բառերդ ինծի կ’երեւան,

Որով ես միշտ կը քալեմ ու կը քաղեմ զանոնք ես»:  (Վ. Թէքէեան)

«Մրգաստան», այսինքն՝ պէտք է սնանիլ,  ինչպէս որ լեզուն ալ գործածելով՝ վերջ ի վերջոյ կը հանգրուանենք կեանքին թեւերուն մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին