Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Իրանա-ազրպէյճանական Սահմանին Տեղի Ունեցած Է Վերջին Օրերուն Փոխհրաձգութեան Երկրորդ Դէպքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Իրանա-ազրպէյճանական սահմանին Մարտ 12-ի կէս գիշերին տեղի ունեցած է վերջին օրերուն երկրորդ փոխհրաձգութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ ազրպէյճանցի սահմանապահները նկատած են Իրանի կողմէ դէպի իրենց կողմը շարժող 6 զինուած սահմանախախտ:

Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան մամուլի հաղորդագրութեան համաձայն՝ սահմանախախտները հրաժարած են սահմանապահներու հրահանգները կատարելէ ու կրակ բացած են: Կը նշուի, որ սահմանապահները պատասխան կրակ բացած են, որուն հետեւանքով մէկ հոգի զոհուած է, իսկ միւսները դիմած են փախուստի՝ նետելով իրենց քով եղած իրերը:

Միջադէպին մասին ազրպէյճանական կողմը տեղեակ պահած է իրանական կողմը: Այս գծով կ’ընթանայ հետաքննութիւն:

Իրանա-ազրպէյճանական սահմանին փոխհրաձգութիւն մը եւս տեղի ունեցած էր Մարտ 10-ին, որուն հետեւանքով զոհուած էր ազրպէյճանցի սահմանապահներէն մէկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին