Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Թեզէի Երիտասարդական Միջազգային Համախմբումի Մամլոյ Ասուլիս

Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը, որ պիտի կայանայ 22-էն 26 Մարտ 2019-ին, ունեցաւ իր ծրագիրին արձակումի մամլոյ ասուլիսը։ Սոյն ձեռնարկին արեւելեան ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներուն անունով խօսք առաւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Հոգշ. տ. Հրանդ վրդ. Թահանեանը։

Նշենք, որ Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը կը կազմակերպուի Թեզէի միաբանութեան կողմէ, իսկ Լիբանանի մէջ հաւաքը կ’իրականանայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Լիբանանի եկեղեցիներու հետ գործակցաբար։ Այս ծիրէն ներս հաւաքներ տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի մայրավանքին, Լիբանանի ազգային առաջնորդարանին եւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին