Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

ԲՀԿ Պատգամաւորները Խորհրդարանի Նիստերու Դահլիճ Մտան Ղարաբաղի Դրօշներով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին «Բրագաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամները Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճ մտան Արցախի Հանրապետութեան դրօշներով:

ԲՀԿ պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան լրագրողներու հարցումին, թէ ինչ նպատակ կը հետապնդէ իրենց քայլը, ըսաւ. «Ասիկա կը խորհրդանշէ, որ Արցախը ես եմ, Արցախը մեզմէ իւրաքանչիւրն է»:

Ըստ պատգամաւորներուն` այս քայլը պատասխան է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, որոնք, ըստ էութեան, հայկական կողմին համար անընդունելի են:

Հարցումին, թէ արդեօք հայկական կողմի վրայ ճնշումնե՞ր կը տեսնեն, կամ գուցէ պատերազմի վտանգ կայ, Զոհրապեան նշեց, որ ոչ, բայց ասով ցոյց կու տան Արցախի հետ միասնականութիւնը, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Նշենք, որ խորհրդարանի արտահերթ նիստէն առաջ ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ այդպիսով անոնք կը ցանկան իրենց աջակցութիւնը յայտնել  Արցախի Հանրապետութեան եւ Արցախի ժողովուրդին:

«Մենք պէտք է ողջ ազգով բարձրացնենք այդ հարցը` անկախ անկէ` իշխանութեան կ՛աջակցինք, թէ ընդդիմութիւն ենք: Մենք պէտք է կարենանք ընդհանուր որոշում ընդունիլ, քանի որ այդ հարցը պիտի լուծէ  ամբողջ ժողովուրդի ճակատագիրը», – ընդգծեց Ծառուկեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին