«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պաշտօնատար անձանց հետ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն, հանդիպումին նախագահ Աուն վրդովում յայտնեց Իսրայէլի՝ Լիբանանի հետ ծովային տարածքը սահմանագծելու հակադիր դիրքորոշումին կապակցութեամբ:
Աուն նաեւ ընդգծեց Լիբանանի ինքնիշխանութեան սպառնացող իսրայէլեան յարադէպ խախտումները կասեցնելու խիստ անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններու քարտուղարի տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուա, որ շաբաթավերջին Լիբանան ժամանեց պաշտօնական այցով, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի հետ: