«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան ելեւմուտի նախարար Ալի Հասան Խալիլ 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի վաւերացումը ելակէտ ընդունեց երկրի ելեւմտատնտեսական խարխափուն իրավիճակի կայունացումին: Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումէն:
«Յառաջիկայ վեց ամիսը քննութեան վճռական շրջան է: Պէտք է պարտինք նպատակասլաց որոշումներով յաջողապէս յաղթահարել երկրի ելեւմտատնտեսական խարխափուն իրավիճակը: Հակառակ պարագային, ազգովին դատապարտուած ենք յայտնուելու փակուղիի առջեւ»,- Սայտայի Պապլիէ շրջանը տեղի ունեցած միջոցառումին նշեց Ալի Հասան Խալիլ:
Խալիլ շեշտեց պետական պիւտճէի վաւերացումի հրամայականը՝ զայն արմատական լուծում համարելով Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ շարք մը այլ էական խնդիրներու: