Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Յայտնի Է Վրաստանի Նախագահի՝ Հայաստան Այցի Օրակարգը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով Մարտ 13-ին երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Վրաստանի արդարադատութեան նախարար Թէա Ցուլուքիանին, Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Կէորկի Վոլսքին, խումբ մը պատգամաւորներ, Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Լաշա Տարսալիան, պաշտօնատար այլ անձինք:

Նոյն օրը Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ Վրաստանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը յաջորդէ նախագահներ Արմէն Սարգսեանի եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի առանձնազրոյցը, այնուհետեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Նախագահներ Սարգսեանն ու Զուրապիշվիլին հանդէս կու գան մամուլի համար յայտարարութեամբ:

Պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Վրաստանի նախագահը հանդիպումներ կ’ունենայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ, կը հիւրընկալուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ:

Սալոմէ Զուրապիշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ’այցելէ Մեծ եղեռնի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին