«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման Պըն Ապտ Ալ-Ազիզ հանդիպում ունեցան մայրաքաղաք Ռիատի մէջ: Ինչպէս կը տեղեկանանք վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն, զրուցակիցները գլխաւորաբար անդրադարձան լիբանանեան ու տարածաշրջանային զարգացումներուն:
«Կողմերը քննարկեցին երկկողմ գործակցութեան հետագայ զարգացումի եւ ամրապնդումի հաւանական ուղիները»,- նշուած է վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ալ-Ասաֆ, թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Ալ-Ալուլա, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Քապարա: