«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ առանձնազրոյցին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է ընկերատնտեսական ոլորտին մէջ համատեղ ռազմավարական ծրագիրներու իրականացումին ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերուն:
Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են երկու հայկական պետութիւններու ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան եւ այս ուղղութիւններով գործակցութեան վերաբերող թեմաներու շուրջ: