«Հայրենադարձները Կը Պատմեն․․․» – 3 –
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Լիբանանահայ ոճաբան–վարսայարդար Ճեք Թէքէեանը արդէն երկու տարիէ կը բնակի Հայաստան: Ճեքը, մօտ 40 տարի ըլլալով այս ոլորտին մէջ, յաջողած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծել իր անունով գործող գեղեցկութեան սրահներ՝ Պէյրութի, ԱՄՆ–ի, Իտալիոյ, իսկ հիմա արդէն նաեւ Հայաստանի մէջ: Երեւանի կեդրոնը՝ Կողբացի փողոցը կը գտնուի Ճեք Թէքէեանի գեղեցկութեան սրահը, որուն բացումը տեղի ունեցած է 2017 թուականին։ Ճեք Թէքէեանը Պէյրութի մէջ ունի վարսերու խնամքի (Haircare), վարսայարդարներու եւ ոճաբաններու ակադեմիա, որուն, այսպէս ըսած, մասնաճիւղը պիտի ըլլայ նաեւ Երեւանի մէջ:
«Զարթօնք» օրաթերթի «Հայրենադարձները կը պատմեն․․․» շարքի ծիրէն ներս զրուցած ենք նաեւ Ճեք Թէքէեանի հետ։
– Ճեք, ծնունդով Պէյրութէն էք, հոն ինչո՞վ զբաղած էք, մինչեւ որ Հայաստան տեղափոխուիք։
– Ես մօտաւորապէս 40 տարիէ վարսայարդարութեամբ կը զբաղիմ: Պէյրութի մէջ ունինք մեր սրահները, շատ հանգիստ կ’ապրէինք հայկական գաղութի մէջ։ Բայց վերջ ի վերջոյ զգացինք, որ այդտեղ մենք օտար ենք, օտար երկիր է, հետեւաբար ուզեցինք գալ Հայաստան։ Բայց Պէյրութի մէջ մեր գեղեցկութեան սրահներն ու ոճաբաններու ակադեմիան կը շարունակեն գործել։ Պարզապէս ուզեցինք, որ այստեղ ալ ունենանք մեր սրահները։
– Հայրենիքը ինչպէ՞ս ընդունեց ձեզ։
– Սկիզբը դժուարութիւն ունեցանք, մինչեւ որ վարժուինք միջավայրին: Բայց ամէն ինչով շատ հանգիստ, շատ ուրախ ենք, այստեղ մարդիկ շատ լաւ են։
– Ձեր գեղեցկութեան սրահէն բացի այլ աշխատատեղեր ունի՞ք։
– Հիմա Հայաստանի մէջ մէկ վարսավիրանոց ունինք, մինչեւ այս ամսուան վերջը կը բանանք նաեւ ոճաբաններու դպրոցը, ուր բոլոր մասնագիտութիւններով սորվելու հնարաւորութիւն կ’ըլլայ։ Մենք Պէյրութի մէջ ունինք այդ դպրոցէն, բայց այստեղի հետ տարբերութիւնը այն է, որ հոս հիմնականօրէն ռուսական միջավայր է, գործակցութիւնը ռուսական կողմի հետ է։
– Ովքե՞ր մասնագէտներ պիտի պատրաստեն ու դասաւանդեն դպրոցը:
– Ես, ոճաբաններ կան Ռուսիայէն, որոնք կու գան, կը դասաւանդեն, բայց ընդհանուր տնօրէնը ես եմ։ Այս հարցին մէջ ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցած ենք, ամէն ինչ շատ հանգիստ եղաւ։ Այստեղ առհասարակ ապրելու ոչ մէկ դժուարութիւն կայ:
– Այսինքն՝ Հայաստանի մէջ դիւրի՞ն է առեւտուրով զբաղիլը, ներդրում ընելը, ինչ-որ գործ սկսիլը։
– Այո՛, դպրոցը քիչ մը աւելի գործարքի նախագիծ եղաւ, որ, ի հարկէ, դժուարութիւններ ունեցաւ, բայց, կը կարծեմ, ամէն ինչ կը լուծուի։
– Դպրոցի գնային քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս է։ Հասարակական տարբեր շերտերու մարդիկ կրնա՞ն ընդունուիլ եւ սորվիլ վարսայարդարութիւն, դիմայարդարում եւ այլ մասնագիտութիւններ։
– Ի հարկէ, կրնան։ Մենք այնպէս ըրած ենք, որ մարդիկ չնչին գումարով կարենան շատ լաւ մասնագէտ դառնալ ու յառաջ երթալ։
– Հայաստանի մէջ լաւ վարսայարդարներու, ոճաբաններու պահանջարկ կա՞յ։
– Ամէն մասնագէտ իր ձեռքը ունի, իր եղանակը ունի: Բոլոր վարսայարդարներն ալ լաւ են։ Բայց ես կը կարծեմ, որ ամէն երկիր իր դպրոցը պէտք է ունենայ, որպէսզի ոլորտը աւելի յառաջ երթայ, թարմացուի, նորութիւնները շուտ հասնին, համաշխարհային ուղղուածութիւնը գիտնան։
– Վերապատրաստութեան դասընթացներ կա՞ն տեղի մասնագէտներու համար։
– Մենք այստեղ ամէն ամիս Master-class կ’իրականացնենք, դասընթացներ ունինք, որ բոլոր սրահներուն համար է, կ’աշխատինք իրենց հետ։ Միշտ մեզի կը դիմեն, եւ ամէն ամիս ամենաքիչը 100 վարսայարդար կը վերապատրաստենք, իրենց հետ մօտ 4-5 ժամ կ’աշխատինք։ Մեր աշխատանքի պարագային սահմանափակում չկայ, միշտ կրնաս աշխատիլ քու վրադ, միշտ նորութիւն կայ։ Վարսավիրը պէտք է հետեւի այդ նորոյթներուն եւ աշխատի ինքնիր վրայ: Հայաստանի մէջ աշխատիլը դիւրին է, բայց պէտք է գիտնաս, թէ ո՛ր ուղիէն քալես։ Լիբանանի հետ համեմատած տարբերութիւնը շատ է։ Լիբանանի մէջ մարդիկ շատ են։ Հայաստանը Լիբանանէն մի քանի անգամ մեծ է, բայց այդտեղ ունինք եօթը միլիոն մարդ, իսկ այստեղ՝ 1.5 միլիոն։ Լիբանանի մէջ աւելի սուղ է, ծախսերը շատ են, այս առումով Հայաստանի մէջ շատ դիւրին է։ Կ’ուզեմ ըսել, որ ոեւէ մէկը թող չմտածէ, թող գան Հայաստան, մեր երկիրը զարգացնենք, աւելի զօրացնենք։
– Շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար։
Ճեք Թէքէեանի հետ հարցազրոյցը կրնաք դիտել յղումով։
https://www.youtube.com/watch?v=8L8dgmLH97U