Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Կոչ Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան Զօրակցութեան

Լիբանանի հայկական միութիւններու եւ հայորդիներու թանկագին ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ այս տարի եւս ապրիլ ամսուան ընթացքին համազգային շուքով պիտի տօնենք Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը եւ պիտի վերանորոգենք մեր պահանջատիրական սրբազան ուխտը։

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ, որ 15-30 ապրիլի օրերուն դադրեցնէք ամէն տեսակի միութենական եւ անհատական խրախճանային ձեռնարկները ու ձեր մասնակցութիւնը բերէք եւ զօրակցութիւնը յայտնէք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւններուն։

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմին
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Ազգային Առաջնորդարան Լիբանանի Հայոց

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին