«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները պիտի մաքրէ քրտական խումբերէ եւ այնտեղ պիտի ստեղծէ անվտանգ գօտի:
«Սուրիոյ հիւսիսը մենք թոյլ պիտի չտանք ստեղծել հակաահաբեկչական միջանցք` ուղղուած մեր երկրին դէմ: Մենք պիտի ստեղծենք անվտանգ գօտի, եւ մեր սուրիացի եղբայրները պիտի վերադառնան տուն: Սկսած Մանպիճէն` մենք ահաբեկիչներէ (քրտական ինքնապաշտպանական ուժերէ) պիտի մաքրենք ամբողջ հարաւային սահմանը այնպէս, ինչպէս ատիկա ըրած էինք Աֆրինի մէջ»,- ըսած է Էրտողան Իսկենտերունի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ , կը հաղորդէ News.am-ն` յղում կատարելով NTV հեռատեսիլային կայանին։
Էրտողան յայտարարած էր, որ Անգարան պատրաստ է գործողութիւններ սկսելու Եփրատի հարաւը, ինչպէս նաեւ Մանպիճի մէջ ընդդէմ սուրիական քիւրտերու ինքնապաշտպանական ուժերու, եթէ Միացեալ Նահագներ դուրս չբերէ զայնք այնտեղէն: Աւելի ուշ ան յայտարարած էր, որ որոշած է յետաձգել Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները 2018 թուականի Դեկտեմբեր 4-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք, որու արդիւնքով Ամերիկայի նախագահը որոշած էր իր զօրքերը հեռացնել Սուրիայէն:
Աւելի առաջ Թրամփ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ է ստեղծել 30 քմ․ լայնութեամբ արգելակող գօտի Թուրքիոյ սահմանին կից տարածքին մէջ: Էրտողան համաձայնութիւն յայտնած էր այն պայմանով, որ գօտին վերահսկուի Թուրքիոյ կողմէ: