«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 11-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Արցախի Հանրապետութիւն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այսօր՝ Մարտ 12-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը: