Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Ատրպէյճան Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Կ՛իրականացնէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարտ 11-էն 15, Ատրպէյճանի բանակը կ՛իրականացնէ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցի մօտաւորապէս 10,000 զինուոր, կը հաղորդէ “Ռազմինֆօ՞-ն։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ ռազմափորձերուն կը մասնակցին մինչեւ 500 զրահապատ ինքնաշարժներ եւ տարբեր տրամաչափի 300 հրթիռային համակարգեր, նաեւ 20 ռազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ:

Զօրավարժութիւնը կ՛իրականանայ յարձակողական ծրագիրի մը բեմագրութեան հիման վրայ եւ «ենթադրեալ հակառակորդին հարուածներ կը հասցուին քանի մը ուղղութիւններէ, ճեղքելու համար անոր պաշտպանութիւնը եւ ջախջախելու անոր զօրամիաւորումները»։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի եւս Ատրպէյճանի մէջ նման լայնածաւալ զօրավարժութիւններ տեղի ունեցած էին գրեթէ այս օրերուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին