«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սթոքհոլմի խաղաղութեան հիմնախնդիրներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը (SIPRI) հրապարակած է աշխարհի մէջ սպառազինութեան առքուվաճառքի վերաբերեալ նոր զեկոյցը, որու համաձայն` այս ոլորտի 2014-2018 թուականներու հիմնական մատակարարները եղած են Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան:
Մինչդեռ Ատրպէյճանի մասին զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ ան սպառազինութիւն գնող երկիրներուն մէջ 23-րդն է: Պաքուն իր սպառազինութեան 51%-ը կը գնէ Ռուսիայէն, 43%-ը` Իսրայէլէն, 2,8%-ը` Թուրքիայէն կը յայտնէ tert.am:
Իսրայէլէն սպարազինութիւն գնող երկիրներուն մէջ Ատրպէյճան երկրորդն է:
Ընդհանուր առմամբ, սպառազինութեան մատակարարման աճ նկատուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մինչդեռ միւս տարածաշրջաններու մէջ՝ նուազած է:
Ըստ զեկոյցին` սպառազինութեան խոշորագոյն ներմուծողներն են Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Իսրայէլը, Քաթարն ու Իրաքը: