Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Ethiopian Airlines-ի Օդանաւը Կործանուած Է, Նաւակողին Գտնուած Է 157 Հոգի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եթովպիոյ մէջ կործանուած է Ethiopian Airlines օդագնացական ընկերութեան Boeing-737 օդանաւը, որուն նաւակողին եղած է 157 հոգի։

«Գրանցումի ET-AVJ համարով Boeing 737-800 MAX օդանաւը թռած է տեղական ժամանակով ժամը 08:38-ին Ատիս Ապեպայի «Պոլէ» միջազգային օդակայանէն եւ կորսնցուցած կապը 08:44-ին»,- կ’ըսուի Ethiopian Airlines-ի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։

Օդագնացական ընկերութիւնը կը մանրամասնէ, որ ողբերգութիւնը տեղի ունեցած է Տեպրէ Զեյթ քաղաքէն ոչ հեռու։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, նախնական տուեալներով՝ նաւակողին գտնուած են 149 ուղեւորներ եւ անձնակազմի 8 անդամներ։ Կենդանի մնացածներուն կամ հաւանական զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան։  Այս գծով կ’աշխատին փրկարարները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին