Լիբանանահայ Կեանք
Յիշատակի Ս. Պատարագ Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով
Բարձր հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկէ հայոց պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ Արիներու միութեան տեղի ունեցաւ յիշատակի ս. պատարագ՝ նուիրուած հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակին:
Արդարեւ, Շաբաթ, 9 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի ամփիթատրոնին մէջ, ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ հոգեոր տիրոջ, բարձրաստիճան եկեղեցականներու, նախարարներու, պետական երեսփոխաններու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, մամլոյ պատասխանատուներու, հայր Սահակ Քէշիշեանի աշակերտներուն եւ մեծ թիւով զինք սիրողներու, Արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան (օգնական եպս. Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին) պատարագեց եւ հոգեհանգստեան պաշտօն գլխաւորեց ի յիշատակ հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանին: Ան իր խօսքին մէջ մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ հայր Սահակի կեանքին եւ գործին՝ շեշտելով, որ երջանկայիշատակ վարդապետը կեանքէն ու կեանքի նոյնիսկ ամենադաժան պայմաններէն գանգատելու ոչ մէկ պատճառ ու պատրուակ ցոյց տուած է: Ան եղած է մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն կեանքի օրինակը եղած է հրաւէր մը զինք ճանչցողներուն, հրաւէր ծառայելու, նուիրուելու, բարի գործ մը կատարելու: Մարդ մը, որ իբրեւ սկաուտ եւ սկաուտական խոստումին հաւատարիմ՝ ապրած ու գործած է մինչեւ խոր ծերութիւն: Հայր Սահակ ամբողջական առումով իր մեծութիւնը շուքի մէջ պահել ջանացող մեծութիւն մը եղած է (Գերապայծառ Ասատուրեանին խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք առանձին):
Եղած է խստակրօն ու խստամբեր պայմաններուն տակ մեծասքանչ աշխատանք կատարող սրբակեաց մարդ մը: Իր խօսքին մէջ Գերապայծառը շեշտեց, որ Հայր Սահակ օժտուած է մարդկային անաղարտ բարեմասնութիւններով, հոգեւորականի սրբարար առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ հայ մարդու բարձր արժանիքներով, ազգային հոգիով ու ոգիով:
Յետպատարագին, հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ մեծարեալին մասին վկայութիւններու արտասանութեամբ:
Նազարէթ Ապունայեան
Այս բաժնին բացման խօսքը կազմակերպող միութեան կողմէ կատարեց պրն. Նազարէթ Ապունայեան:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ Արիներու միութեան ատենապետ Գարլօ Աւագեան, որ արտայայտուեցաւ հայր Սահակին ունեցած ազդեցութեան մասին իր սաներուն վրայ: Ան նշեց, որ նմանօրինակ ոգեկոչումի ձեռնարկներ նոյն շրջանին տեղի պիտի ունենան նոյն ժամանակ աշխարհի 17 տարբեր քաղաքներու մէջ: Պրն. Աւագ նշեց իր գլխաւորած միութեան հիմնադրութեան նպատակները, որոնց շարքին են՝ կրթանպաստներ յատկացնել կարիքաւոր սաներու, ինչպէս նաեւ հայր Սահակի անուան թանգարան մը հիմնել եւ օրին յայտարարուելիք շատ մը այլ ծրագիրներ:
Գարլօ Աւագեան
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Արիներու անունով խօսք առաւ սկաուտապետ Սինթիա Ժըպրան, որ վեր առաւ հայր Սահակի՝ որպէս սկաուտի կենցաղն ու արժանիքները, ինչպէս նաեւ սկաուտներու հոգեւոր առաջնորդը ըլլալու կարեւոր հանգամանքը, որուն օրինակով թրծուեցան իրեն վստահուած արիները:
Սինթիա Ժըպրան
Անձնական վկայութիւններով հանդէս եկան տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, որ հաճելի, ժպիտ պատճառող հիւմըրներով լեցուն վկայութիւն մը տուաւ հայր Սահակի առօրեայէն, որ իր եւ իր սերնդակիցներուն յիշողութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն եւ աւելի կը շեշտեն հայր Սահակի համեստ ու պարզ մարդու նկարագիրը:
տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան
Նման հաճելի վկայութեամբ մը Յիսուսեան վարդապետութեան եւ շրջանակին անունով հանդէս եկաւ հայր Սահակը ճանչցած եւ իրեն գործակից հայր Լուիս Պուէսոն:
հայր Լուիս Պուէսո
Շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկաւ հայր Սահակի եղբօր թոռնիկը՝ պրն. Շանթ Քէշիշեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն:
Շանթ Քէշիշեան
Հայ կաթողիկէ պատրիարքին սրտի խօսքով աւարտեցաւ այս երկարաշունչ, սակայն կարեւոր եւ օրինակելի հանդիսութիւնը:
Աւարտին, բաժնուեցան հայր Սահակի յիշատակը յաւերժացնող յուշանուէրներ եւ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Այստեղ կ’արժէ նշել, որ հանդիսութեան մուտքին իւրաքանչիւր ներկային մատուցուեցաւ հայր Սահակի պատկերը կրող կրծքանշան: