Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Տինքի Սպանութեան Անվերջանալի Դատավարութիւնը Պիտի Շարունակուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարտ 12-ին, 13-ին եւ 14-ին պիտի շարունակուի Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը:

Պոլսահայ «Ակօս» թերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Պոլսոյ 14-րդ եղեռնադատ ատեանին մէջ կայանալիք դատական նիստին ընթացքին պիտի շարունակուին վկաներու լսումները: Ինչպէս ծանօթ է՝ այս դատավարութեան շրջագիծին մէջ կը դատուի 85 մեղադրեալ, որոնց հինգը բանտարկուած է:

Դատարանը նախորդ տարուան Դեկտեմբերին տեղի ունեցած նիստերուն ընթացքին ազատ արձակած էր նախկին զօրավարներէն Համզա Ճելեպօղլուն եւ Պոլսոյ ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան կազմի լրաքաղութեան բաժինի աշխատակից Եաւուզ Գարագայան:

Նախորդ նիստերուն նման, այս նիստերուն եւս իրենց վկայութիւնները բերելու հրաւիրուած են ընդհանրապէս պետական պաշտօնեաներ: Այս է պատճառը, որ «Հրանդի ընկերները» հարթակը այս ոճիրին վերաբերեալ յաճախ կը վանկարկէ «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տա՛յ» նախադասութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին