«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան՝ գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտի նշեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող այժմու իրավիճակը կը խոչընդոտէ սուրիացի գաղթականներու լայնազանգուած տունդարձը՝ ի հեճուկս ապահովութեան մակարդակի բարձրացումին եւ կառուցողական քննարկումներու:
Սուրիա եւ Լիբանան այցին Կրանտի շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ պաշտօնատարներու, այդ կարգին՝ գաղթականներու եւ երկիր վերադարձած սուրիացիներու հետ:
Ի շարս այլ խնդիրներու՝ Կրանտի լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի՝ գաղթականներու հարցերով գործակալութիւնը տակաւին կը դժուարանայ թոյլտուութիւն ստանալ սուրիացի գաղթականներու վերադարձած շրջանները մուտք գործելու համար, աւելցնելով, որ այս խնդրով ան Սուրիոյ պաշտօնատարներուն շեշտած էր գաղթականներու գործակալութեան՝ երկիր վերադարձած սուրիացիներու հաստատուած շրջանները մուտք գործելու եւ այդտեղ առկայ իրավիճակին իրազեկ դառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Կրանտի նաեւ ըսաւ, որ գործակալութիւնը դէմ չի կենար գաղթականներու տունդարձին, բայց կը շարունակէ պնդել, որ վերջինս ըլլայ կամաւոր, ինչը վիճարկելի թեմայ է լիբանանցի պաշտօնատարներուն համար: Նշենք, որ կառավարութեան ծրագիրին մէջ նախարարաց խորհուրդը կողմնակից էր ապահով վերադարձի, ուր, սակայն, կը բացակայէր «կամաւոր» բառը: