Ուսուցչաց Տօնի Նշումը
Գիր ու գրականութեան, դպրոցի եւ ուսուցիչի դարաւոր պաշտամունք ունեցող հայ ժողովուրդը մեծարանքով գնահատած է հայ ուսուցիչը, որովհետեւ ան եղած է հայորդիներու դաստիարակութեան կոչուած հայրենանուէր ու անձնուրաց անդուլ մշակը: Հայ ուսուցիչը իր ուսերուն կը կրէ մեր ժողովուրդի ամբողջականութեան, ազգային արժէքներու պահպանումին, մեր ժողովուրդի անպարտելիութեան հաւատքի ներարկումը սերունդէ-սերունդ: Անոր շնորհիւ է որ կը գոյատեւէ ազգը:
Հետեւաբար, Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին, դասաւանդութիւնը չսկսած, աշակերտները իրենց անհուն սէրը արտայայտելով իրենց նուէրներն ու բարեմաղթութիւնները յղեցին սիրելի ուսուցիչներուն: Այս մէկը արգասիքն է իւրաքանչիւր փոքր թուող աշխատանքի կամ զոհողութեան, որ ուսուցիչը կը կատարէ նուիրումով եւ անձուրացութեամբ:
Առաջին զբօսանքին, ուսուցչարանէն ներս սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ բարեմաղթութիւններու յղում: Ապա վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցչաց տօնի նշումը՝ միջն. Գ. դասարանի աշակերտներու պատրաստութեամբ եւ իրենց դաստիարակչուհի տիկ. Սեւանա Տարաքճեանի առաջնորդութեամբ:
Միջն. Գ. դասարանէն Յակոբ Պեքարեան իր բացման խօսքով անդրադարձաւ, որ այս տօնին առիթով աշակերտները կու գան իրենց սէրն ու յարգանքը ցուցաբերելու իրենց սիրելի ուսուցիչներուն, որոնք ուսում ջամբելով զանոնք կ’առաջնորդեն դէպի լոյս գիտութիւն, ի գին ամէն զոհողութեան կը կերտեն հասարակութեան պիտանի մարդը: Վերջապէս միջն Ա. դասարանէն Ռիթա Մարտիրոսեան դաշնամուրի վրայ մեկնաբանեց հանրածանօթ «Սիրելի ուսուցիչ» երգը: Զուարճալի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ «الأستاذ و المعلمة» թատերախաղով՝ կատարողութեամբ միջն. Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտներուն:
Տեղի ունեցաւ նաեւ օրուան բախտաւոր ուսուցիչը, որմէ ետք ուսուցիչները մէկական փուչիկ ստանալով՝ ողջոյն մը յղելով զանոնք արձակեցին օդը: Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները, յուշանուէրներ նուիրելով իրենց ուսուցիչներուն, յայտագիրը հասցուցին իր աւարտին: Վերջապէս վարժարանիս տնօրէնուհի տիկ. Կալինա Նաճարեան շնորհաւորեց ուսուցչակազմը՝ մաղթելով իրենց առողջութիւն ու կորով:
Նոյն օրը, վարժարանիս հոգաբարձութիւնը գիտակցելով ու գնահատելով իր ուսուցիչներուն անձնուէր ու պատասխանատու աշխատանքը՝ զանոնք հրաւիրեց ճաշարան «AP0» , ուր մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ միասնաբար ճաշակեցին համադամ ճաշատեսակներ: Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յովիկ Վարդանեան, իր կարգին, անոնց մաղթեց անսպառ եռանդ եւ ստեղծագործական վերելք: Տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում:
Այս տօնին առիթով կը շնորհաւորենք մեր ուսուցիչները՝ մաղթելով, որ իրենց աշխատանքը ունենայ իր արժանավայել արգասիքը: Կը ցանկանք, որ ունենաք եռանդ, համբերութիւն եւ առողջութիւն, որ կարողանաք հեշտութեամբ յաղթահարել այս դժուար ուղին:
Վարձքդ կատար, սիրելի ուսուցիչ: Քու անձնական ու օրինակելի նուիրումովդ կ’ուրուագծուի 21-րդ դարու հայ մարդու նկարագիրը: