Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Աստուածաշունչով Ապրուած Կեանք Մը

Եթէ իմ երկար ասպարէզային կեանքիս մէջ ներառուած են շատ ճամբորդութիւններ՝ մեկնելով աշխատանքային պարտադրանքներէ, բայց այդ մէկը նաեւ լաւ առիթ եղած է ծանօթանալու հայկական գաղութներու եւ անոնց առաջնորդներուն։ Եւ այս իմաստով իմ յաճախակի այցելութիւնները Պոլիս նաեւ պիտի ընդգրկէր իմ ծանօթացումը եւ անոր հետ շարունակուած հաղորդակցութիւնը Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք.Մութաֆեանի հետ։

Պատրիարքին մէջ տեսած եմ եկեղեցական-կղերական առաջնորդի ամէն տուեալները, բայց նաեւ շրջահայացութիւնը: Եւ այս շրջահայացութեան մէջ՝ անոր վեհանձն ու ազնիւ հոգին՝ ընդունելու նաեւ «ուրիշ»-ը, որ կրնար տարբեր ըլլալ։ Եւ ան հանդիսացաւ այն առաջնորդը, որ կրցաւ կամրջել իր յարաբերութիւնները այդ բոլոր «ուրիշներուն»  եւ անոնց տարբերութիւններուն մէջէն։

Բայց կար նաեւ աւելին։ Մեսրոպ պատրիարք Ասուածաշունչին եւ անոր բովանդակութեան լաւ գիտակ էր։ Եւ ոչ միայն գիտակ… Անոր կեանքը ապրող եւ շարժող էր Աստուածաշունչով։ Եւ այս իր խօսքով, բայց նաեւ գործով։ Ու տակաւին ան կրցաւ Աստուածաշունչը ներմուծել հաւաքական կեանքերուն մէջ որպէս ապրելու զօրաւոր գրաւական։

Եթէ անողոք հիւանդութիւնը առիթ չտուաւ, որ պատիրարքը կրնար իր եկեղեցական ու ազգային կեանքի առաջնորդութիւնը կատարել աւելի բեղուն, բայց կայ անոր ետին ձգած պատգամ-կտակը, թէ Աստուածաշունչով ապրուած կեանքը կ’իմաստաւորուի, եւ թէ այս կեանքերը կը մնան արժէք, որուն պէտք է կառչիլ եւ անոր հետ ապրիլ։ Եւ Մեսրոպ պատրիարք կառչեցաւ եւ ապրեցաւ Աստուածաշունչի արժէքի կեանքին համար եւ զայն կը ձգէ այսօր մեր բոլորին՝ որպէս ապրելու կտակ։

Եթէ մէկ կողմէ մեր ցաւակցութիւնները Թուրքիոյ հայ գաղութին մեր բոլոր կառոյցներուն եւ եղբայր-քոյրերուն՝ իրենց եւ մեր բոլորին սիրելի պատրիարք հօր վախճանումին առթիւ, բայց նաեւ կը միանանք ձեր բոլորին, թէկուզ աշխարհագրականօրէն հեռու՝ մեր աղօթքներով։ Եւ կը հայցենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը պատրիարք հօր ընտանեկան պարագաներուն, թրքահայ գաղութի բոլոր կառոյցներուն եւ նաեւ հայ ժողովուրդին։

Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի երկրային կեանքը Աստուածաշունչով ապրուած էր եւ որ կը շարունակուի։ Իր եւ մեր բոլորին համար։

Ցաւակցօրէն՝

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Աստուածաշունչի Ընկերութիւն Արաբական Ծոցի երկիրներու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին