«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաապտայի նախագահանիստ պալատին մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան՝ գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտի հետ: Հանդիպումին նախագահ Աուն շեշտեց սուրիացի գաղթականներու օժանդակութեան շարունակակութեան անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար երբ անոնք վերադառնան երկիր:
Աուն ընդգծեց նաեւ ՄԱԿ-ի՝ գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը եւ Լիբանանի իշխանութեան միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութիւն հաստատելու հրամայականը՝ ուղղուած սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձի դիւրընթացութեան:
Ի դէպ, Կրանտի ներկայացուց Սուրիա կատարած այցին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պաշտօնատար անձանց հետ գաղթականներու հիմնախնդիրի լոյսին ներքոյ տեղի ունեցող բանակցութիւններու ընթացքը: Այս մասին նշուած է նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: