Ազգային Վարժարաններ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ՝ Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին՝ երեկոյեան ժամը 8։30-էն սկսեալ Տպայէի «Ալ Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնին առիթով ճաշկերոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդը, ազգային վարժարաններու տնօրէնները, տնօրէն խորհուրդները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան ըսաւ. «Պարտէզ մըն է դպրոցը։ Ուսումն ու գիտութիւնը՝ հողը այդ պարտէզին։ Ուսուցիչը՝ պարտիզպան, իսկ ուսանողը՝ բոյսը, որ կը ծլի ու կը ծաղկի այդ պարտէզին մէջ», աւելցնելով, որ պարտիզպան, ուսուցիչ, դաստիարակ, վարդապետ, պատուելի, երկրորդ ծնողք եւ այլ տիտղոսներ ժամանակի ընթացքին գործածուած են զատորոշելու համար ուսուցիչը, որ իր կարգին, ստանձնած է յաջորդական սերունդներու մտաբարոյական պատրաստութիւնը։ Դոկտ. Պողարեան շեշտեց, թէ հայ ուսուցիչը այն անձն է, որ իր կեանքը նուիրաբերած է մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան՝ համբերատարութեամբ եւ անսահման զոհողութեամբ։ «Անձ մը, որ ենթադրաբար մասնագիտական պատրաստութեան միացուցած է կոչումն ու ազգային պարտաւորութիւնը, տքնաջան աշխատանքը եւ ծնողական գուրգուրանքը։ Անձ մը, որ ոչ միայն արժանի է ունենալու ուսուցչաց տօնը տարին մէկ օր, այլ վայելելու ազգայիններու անվերապահ յարգանքը ամբողջ տարին եւ աշակերտներու երախտագիտութիւնը կեանքի բոլոր օրերուն»,- եզրափակեց ան։
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ․ «Ամէն անգամ որ կը գտնուինք հայ ուսուցիչներուն հետ, մենք մեզ կը զգանք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ոգեղէն ներկայութեան մէջ»։ Նարեկ արքեպիսկոպոս աւելցուց, որ հայ դպրոցը միաժամանակ հայ եկեղեցի է եւ հայ ընտանիք։ «Մենք այսօր սոսկ ուսուցչաց տօն չէ, որ կը տօնենք, այլ լուսարձակի տակ կը բերենք հայ ուսուցիչը անհատապէս եւ հայ ուսուցիչները հաւաքաբար, որպէս յաւերժական աշակերտները Մեսրոպ Մաշտոցով սկսած մեր միտքի եւ հոգիի լուսաւորութեան առաքելութեան»,- շեշտեց սրբազան հայրը՝ իր ուրախութիւնը յայտնելով սոյն համախմբումին, որպէս ազգային վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ շեշտելով, որ այս համախմբումը պարզապէս իրարու հետ ըլլալ եւ սեղաններու շուրջ ուտել եւ խմել չէ, այլ մեր միտքերու փոխանակումով, մեր զրոյցներու ճամբով իրարու յիշեցնել, թէ ինչ կը նշանակէ հայ դպրոց եւ հայ ուսուցիչ։ Նարեկ արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց ուսուցչաց տօնը՝ նկատել տալով, որ հայ հոգեւորականները եւս ուսուցիչներ են, որովհետեւ կը հետեւին իրենց մեծ վարդապետին՝ Քրիստոսի օրինակին, եւ հայ հոգեւորականը անցեալին, այսօր եւ ամէն ժամանակներու մէջ կը մնայ թէ Աստուածաշունչին եւ թէ այբբենարանին ուսուցիչը։
«Հայ դպրոցի մէջ մենք միայն գիտութիւն չէ որ կը ջամբենք, այլ հայ ինքնութեան, Լիբանանի պարագային Լիբանանի քաղաքացիի եւ լիբանանահայութեան միացեալ ինքնութիւնն է, որ մենք կը փոխանցենք մեզի վստահուած սերունդին։ Այս իմաստով հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը սրբազան առաքելութիւն է»,- հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս՝ վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր ուսուցչաց տօն մեր բոլորին համար այս գիտակցութեան, այս պատասխանատուութեան, այս նախանձախնդրութեան եւ այս նուիրումի վերանորոգութեան առիթ է։ «Վստահ եմ, որ ձեր նուիրումը ոչ միայն Ազգային առաջնորդարանի, Ազգային իշխանութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ մեր բոլոր պատասխանատուներուն կողմէ բարձր գնահատանքի արժանի է, այլեւ վստահ եղէք, որ մենք իրար կ’ըմբռնեք որպէս նոյն անդաստանի մէջ գործակիցներ` իւրաքանչիւրս իր պատասխանատուութեան ճամբով, բայց նոյն գիտակցութեամբ եւ լրջութեամբ։ Ապրի՛ հայ ուսուցիչը, որպէսզի իրմով ապրեցնէ հայ դպրոցը եւ հայ ընտանիքը»,- եզրափակեց սրբազան հայրը։
Ճաշկերոյթին գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ երգիչներ՝ Վիգէն Տիշչէքէնեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Արարատ Ահարոնեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի։ Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ուսումնական խորհուրդի քարտուղար Մարալ Մխսեան։