«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական ուղերձ յղած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահուան առթիւ։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Ուղերձին մէջ նշուած է. «Խոր վշտով տեղեկացայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահուան մասին:
Որպէս հոգեւոր առաջնորդ՝ նա իր անգնահատելի ներդրումն է ունեցել Թուրքիայում ազգային-եկեղեցական կեանքի շարունակական աշխուժացման ու Հայոց եկեղեցու եւ հայ համայնքի ամրապնդման ու միասնութեան գործում:
Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանն իր գործունէութեամբ վայելել է բարձր հեղինակութիւն եւ շատերի յիշողութիւններում կը մնայ որպէս իր առաքելութեանն անմնացորդ նուիրուած հոգեւոր առաջնորդ:
Իմ խորին ցաւակցութիւնն եմ յայտնում պատրիարք Մութաֆեանի հարազատներին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին եւ հայկական համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներին»: