«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հզպալլայի Իսլամական դիմադրութեան աջակցութեան կազմակերպութեան հիմնադրութեան 30-ամեակին առթիւ հեռարձակուող ուղերձի ժամանակ կուսակցութեան առաջնորդ Հասան Նասրալլա կոչ ուղղեց համակիրներուն՝ անդուլ շարունակելու կուսակցութեան զօրակցութիւնը ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներուն եւ Միացեալ Թագաւորութեան՝ Հզպալլան որպէս ահաբեկչական խմբաւորում բնորոշելու որոշումին դիմաց:
«Պատժամիջոցներն ու ահաբեկչութիւնը համահաւասար են ռազմական ու լրատուադաշտի պատերազմին: Սա դրամական ու հոգեբանական պատերազմ է»,- ըսաւ կուսակցութեան առաջնորդը: «Նման քայլերու դիմելու պատճառը իրենց դէմ արձանագրած մեր յաղթանակն է եւ իրենց ծրագիրները մեր խաթարած ըլլալու փաստը»: