Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Անթառամ Յիշատակին

Կենսագրական

Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան

(1917-2005)

Գլխագիր ՄԱՐԴՈՒ մը կողմէ գրուած այլ գլխագիր ՄԱՐԴՈՒՆ կենսագրութիւնն է սա, որուն տեղ կու տանք մեր թերթին այս էջերով մեր նուազագոյն պարտքը կատարելու համար այն մեծ Մարդուն եւ հոգեւորականին, որ կը կոչուի Հայր Սահակ Վարդապետ Քեշիշեան: Հետագայ տողերը կը պատկանին Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին: Այս կենսագրականը Հայր Անդրանիկին գրչով  առաջին անգամ հրատարակուած  է Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հտր. ԻԶ., 2006, էջ 434-35ին մէջ: 

«Խմբ.»

 

Ծնած Մարաշ 1917ին: Եղեռնէն տեղահան եղած ու փոխադրուած Դամասկոս 1923ին: Նախնական ուսումը ստացած Դամասկոսի Յիսուսեան Հայրերու Franco-Armռnien վարժարանը: Երկրորդականը ա-ւարտած Պէյրութի Յիսուսեան Հայրերու Սէն Ժոզէֆ դպրեվանքին մէջ, համալսարանական ուսումը շարունակած Ֆրանսա եւ աւարտելէ ետք վերադարձած Պէյրութ ու կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած 1948ին՝ ձեռամբ Կարդինալ Աղաճանեանի, որմէ ետք Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու Վարդանանց Վարժարանին տնօրէն նշանակուած (1952-1960), ապա Պէյրութ փոխադրուած ստանձնելու համար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը (1960-1998), միանգամայն հայագիտութիւն դասաւանդելով Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնէն:

Հայր Սահակ Քէշիշեան թարգմանչական աշխատանքը նկատած է իր առաքելութիւնը: Գրաբարէ ֆրանսերէնի թարգմանած է նախ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան հատորը, որ առաջին անգամ ամբողջական թարգմանութեամբ լոյս տեսած է 1961ին: Ապա ձեռնարկած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի Յիսուս Որդի երկին ֆրանսերէնի թարգմանութեան 1973ին, որմէ ետք 1974ին լոյս ընծայած է նոյն հեղինակին Ողբ Եդեսիոյի ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը: Շարունակելով հայ հեղինակները աշխարհին ծանօթացնելու իր առաքելութիւնը, լոյս ընծայած է Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Պատարագիի ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը, 2000ին:

Այս թարգմանչական կոթողային աշխատանքներուն կողքին, Հայր Սահակ Քէշիշեան կատարած է նաեւ մանր թարգմանութիւններ, ինչպէս՝ Ն. Շնորհալիի Յաղագս Երկնի Եւ Զարդուց Նորա աշխատասիրութիւնը, Հաւատով Խոստովանիմը (1985), Առաւօտ Լուսոյ (1987) եւ Այսօր Անճառ շարականները, Յովհաննէս Սարկաւագի Սարեակը, եւն.:

Հայր Սահակ Քէշիշեան մասնակցած է իր մասնագիտութեան հայող գիտաժողովներու, կարդացած՝ զեկուցումներ եւ տուած՝ դասախօսութիւններ: Ան աշխատակցած է նաեւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին (հտ. ԺԳ.):

Իր այս թարգմանչական աշխատանքներուն համար, տարիներով ձեռագրային պրպտումներ կատարած է յատկապէս Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ: Առ այս Հայաստան կատարած իր 23րդ ու վերջին ճամբորդութենէն հազիւ վերադարձած, վախճանած է Պէյրութ, 24 Օգոստոս 2005ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին