Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Հայր Սահակ Վրդ. Քեշիշեանի Մասին

ԳԵՂԱՄ ԵՊՍ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

(Ներկայիս Բարեջան Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին)

…. Ան սկաուտական առաջնորդն էր որ ցանեց սէր եւ եղբայրութիւն, կատարելով պարտականութիւնները եւ յարգելով ուրիշին իրաւունքները, նաւարկելով գիտութեան ովկիանոսին մէջ, ըմբոշխնելով բնութեան եւ մարդուն գեղեցկութիւնը:
Իր համեստ ժպիտը գիտցան զինք շրջապատողները, գիտցան վկայութեան գաղտնիքը, զոր իրագործեց իր կեանքով, գիտցան իր ուժի գաղտնիքը, զոր չի կրնար ջնջել իր ամուր հաւատքը Յիսուսի հանդէսպ. կը ճառագայթէ իր դէմքէն եւ կողմերէն…

Լաւ կը յիշեմ զինք, եւ ես գամուած տախտակի աթոռին վրայ, կլանուած անհանդարտութեամբ, երեւակայութիւնը զիս հեռացուց իրականութենէն… կը մօտենայ ճեփ-ճերմակ հագուստով, դէմքը կը նմանի սանինի ճերմակ ձիւնի փայլքին, եւ հանդարտ քայլերով, ձեռքէն բռնած վարդարանը, ծռելով կ’ուղղէ հայեացքը, կը կեդրոնանայ աչքերուս մէջ՝ առանց բան մը ըսելու…

Կը մտնէ մօրս սենեակը, անոր ցաւերուն անկողնին վրայ, կը ցնցուի այրող ցաւերով, կը ճչայ, կը մրթմրթայ, կ’աղերսէ՝ աղօթելով Աստուծոյ, կը մօտենայ դանդաղօրէն, կը փսփսայ Ս. Մարիամի աղօթքով՝ Սուրբ Գիրքէն աղօթքներ արտասանելով:
Կը տարածուի լոյսը, կը տարածուի ապահովութիւնը մօրս սրտին մէջ, կը նորոգուի հաւատքը:

Ան ձեռքով կը հաղորդէ բոլորը հիւանդանոցին մէջ: Մայրս կը հաղորդուի Յիսուսի մարմինով ու կը հանդարտի, կը լռէ:

Կը մեկնի լոյսի սիւնի նման, գալու համար առաւօտուն, կ’այցելէ հիւանդները երեկոյեան:

Կու գար, ինչպէ առտու կ’ելլէ եւ կ’երթայ…

Եւ ես ու մայրս կը սպասէինք:

Եւ այսպէս ամիսներ…

Մօրս ցաւերը կը սաստկանան:

Եւ կը մեծնայ հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, որ կը հովանաւորէ եւ կը բուժէ:
Հիւանդութիւնը կը տարածուի մօրս մարմինին մէջ, կը վատթարանայ վիճակը, կ’աւելնան պրկումները: Իրեն հետ կ’ըսեմ. «Գթայ, ո՜վ Աստուած…»:
Եւ կը մնայ ինք իր ճերմակ հագուստով եւ լուսաւոր հասակով: Կը յառաջանայ հանդարտօրէն, ինքնավստահ, գթացող ժպիտով մը սենեակը կը լուսաւորուի լոյսով, ճերմակ ուրախութեամբ:

Կ’երկարէ ինծի իր գիրքը «Գրիգոր Նարեկացի», որ կը կրէ ստորագրութիւնը, կ’աղօթէ եւ կ’աղօթենք եւ կ’աղօթեն հիւանդանոցի բոլոր հիւանդները:

Մայրս կը մտնէ հանդարտ քունի մէջ: Աստուածային երջանկութիւնը պատեց իր վէրքերը:

Եւ կու գայ 24 Օգոստոս 2005, եւ կը բերէ իրեն հետ գիշերը: Կ’անցնի իր հոգին ճերմակ քօղով՝ փայլուն եւ գեղեցիկ:

Կը հարցնեմ՝ ինչո՞ւ:

Մայրս կը հարցնէ ինծի. «Ո՞ւր է ան»:

Չեմ ըսեր մօրս:

Հայր Քէշիշեան ճամբորդեց հրեշտակներուն հետ դէպի երկինք:

Չըսի իրեն, որ պիտի չգայ, սակայն գիտեմ…

Իր մաքուր հոգին հիմա մեր հետն է, կը ծածանի մեր չորս կողմը սիրով, աղօթքով եւ յոյսով:

Յապաւումներով

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին