Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Հայր Սահակ Վարդապետ Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առթիւ

Ձեր Խօսքերով Ու Յիշատակներով Կը Շարունակենք Մեր Ուղին

ԱՐԱ ԹԵՐԶԵԱՆ     

Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեան կղերական մը, հոգեւոր հայր մը, որ իր խօսքերով ու գործերով ամրօրէն արձանագրուած է իր աշակերտներուն ու սկաուտներուն սրտերուն մէջ:

Հայր Սահակի բոլոր աշակերտներն ու սկաուտները զինք կը կոչեն «մոն փեր» (այսինքն՝ իմ հայր կամ հայր սուրբը): Ան եղած է իսկական հոգեւոր հայր ու դաստիարակ իր բոլոր աշակերտներուն եւ սկաուտներուն:

Այսօր հայր Սահակի ծննդեան 100-ամեակէն աւելի իր խօսքերն ու գործերն են որ կը յիշատակենք, այդ խօսքերը, որ մեր կեանքի ընթացքին ամէն ակնթարթի առնուելիք ամէն մէկ որոշումին իրեն յատուկ առոգանութեամբ արտասանուած խօսքերն են որ կը տողանցեն մեր մտքերուն մէջ. իր առաջին նախադասութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը յուշէ զիս յստակօրէն. «Տղա՛ք, ես չեմ ընդունիր, որ դուք կեանքի մէջ ըլլաք թիթեղէ կառոյցով շինուած մարդիկ, որոնք որեւէ մէկ ձեւով օգտակար չեն դառնար իրենց շրջապատին: Անոնք կարճ ժամանակի ընթացքին կը ժանգոտին ու բանի մը չեն ծառայեր: Ձեր մետաղը  կրնար ըլլալ ոչ միայն ոսկի, այլ միայն ու միայն 24 աստիճանի ոսկի, որպէսզի կարելի եղածին չափ ձեր շրջապատին օգտակար դառնաք ու ամէն ոք ձեզ յարգէ ու սիրէ»: Այլ խօսք մը, որ հայր Սահակ ֆրանսերէնով կ’արտասանէր՝ «Իլ ֆօ անդրէ տան լը ժէօ» (պէտք է միշտ խաղին մէջ ըլլալ կամ գտնուիլ), մղիչ ուժ մըն էր մեզի համար: Ան կ’ուզէր ըսել, որ պէտք չէ մենք հանդիսատես ըլլանք այս կեանքին մէջ, այլ պէտք է ըլլանք ապագայ կերտող զաւակներ՝ յատուկ դերեր վերցնելով կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ու ըլլալ դէպի լաւը առաջնորդող արդարութեան դերակատարներ:

«Աշխարհը լեցուն է գէշով ու բարիով, բայց ամէն գէշի մէջ փնտռէ լաւն ու բարին, այդպիսով բարի օրինակը կը գերազանցէ չարը ու կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները»,- կ’ըսէր հայր Սահակ:

Ան իր առօրեայ ժամէն չէր կորսնցներ որեւէ մէկ վայրկեան: Դպրոցի դասապահերէն ետք այցելութիւն կու տար հիւանդներու եւ ծերունիներու, ընտանիքներու կ’այցելէր, որոնք լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն կարիքը ունէին մխիթարուելու, եւ միակ ձայնը, որ կը մխիթարեր զիրենք, հայր Սահակի բարի ձայնն էր: Ժամանակի հետ մրցումի մէջ էր հայր Սահակը: Իր խօսքերով՝ մէկ բան անկարելի կը թուէր իրեն. այդ ալ միեւնոյն ժամանակ երկու տեղ գտնուիլն էր: «Բայց պէտք է այդ ալ փորձեմ»,- կ’ըսէր յաճախ: Մեր դպրոցը՝ Սրբ. Գրիգոր (Սեն Կրէկուար), հայր Սահակի տնօրինութեամբ կը տարբերէր այլ դպրոցներէ: Մենք ունէինք գրաբարի դասապահեր: Աւելին, ունէինք թարգմանութեան դասապահ մը, եւ այս բոլորը ժամանակ լեցնելու համար չէր եղած. հայր Սահակ մեզ դէպի հիմնականը կ’ուղղէր՝ լաւ ճանչնալու հայ գրականութիւնը, ապրելու Գրիգոր Նարեկացիի զգացումները: Եւ ինչո՞ւ միայն մենք ապրինք, այլ ապրեցնենք ու թարգմանաբար այդ արժէքները փոխանցենք այլ ազգերու եւս:

Հայր Սահակ, տարիներու ընթացքին ձեր ներկայութեամբ հարիւրաւոր սկաուտներ սկաուտական երդումի արարողութիւններու ժամանակ ուխտեցին բոլոր կարողութեամբ ծառայելու Աստուծոյ, եկեղեցիին եւ հայրենիքին, օգնելու բոլորին ամէն պարագայի եւ գործադրելու սկաուտական կանոնագիրը, իսկ մեր ուխտը կատարելէ ետք ձեր աջով օրհնեցիք մեզ:

Հայր Սահակ, այսօր ձեր սկաուտներն ու աշակերտները, որոնք կը գտնուին աշխարհի չորս ծագերուն, կը վերանորոգեն իրենց ուխտը ու կը խնդրեն ձեզմէ, մո՛ն փեր, կրկին մեզ օրհնել ու մեր կեանքի ճանապարհին ուղեցոյցը դառնալ, այդ ճանապարհին, որ մեզ առանց շեղելու կ’ուղղէ դէպի ճշմարտութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին