Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Թող Գարնանային Տօները Ուրախութիւն, Երջանկութիւն Ու Յաջողութիւն Բերեն Բոլոր Կանանց Ու Անոնց Ընտանիքներուն. Նախագահ Սարգսեան՝ Կանանց Տօնին Առթիւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Կանանց տօնի առթիւ ընդունելութիւն կազմակերպած է նախագահական նստավայրին մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահը նշած է, թէ Մարտ 8-ը հրաշալի առիթ է բարձր տրամադրութեամբ շնորհաւորելու եւ մեծարելու մայրերը, մեծմայրիկները, քոյրերն ու աղջիկները, որոնք կը միաւորեն գեղեցկութիւնը, սէրն ու երջանկութիւնը:

Մարտ 8-ի եւ տօնական միամսեակի առթիւ շնորհաւորելով միջոցառումի մասնակից կանայք եւ աղջիկները՝ նախագահը ծաղիկներ յանձնած անոնց՝ մաղթելով, որ գարնանային տօները ուրախութիւն, երջանկութիւն ու յաջողութիւն բերեն բոլոր կանանց ու անոնց ընտանիքներուն:

Նախագահ Սարգսեան մեր երկրի բոլոր կանանց ու աղջիկներուն մաղթած է առողջութիւն, սէր ու ջերմութիւն, իսկ տղամարդկանց յորդորած է կանանց տօները նշել ոչ թէ մէկ օր կամ մէկ ամիս, այլ ամբողջ տարին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին