Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի Վարչութենէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՀՀ Դեսպանատուն

Ձախէն՝ Նար Խաչատուրեան, Յակոբ Գասարճեան, Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ՝ 8 Մարտ 2019-ի առաւօտեան այցելեց Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատուն՝ շնորհաւորելու Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Վահագն Աթաբէկեանը իր պաշտօնին վրայ նշանակուելուն առիթով: Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց վարչութեան ատենապետ եւ ՌԱԿ-ի պետական նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեանը:  Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ ՀՀ դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար պրն. Դաւիթ Ալավերտեան:

Հանդիպումը առիթ մըն էր կողմերուն քննարկելու հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի հայ Սփիւռքը յուզող հարցեր:

Ընկ. Գասարճեան պրն. դեսպանին ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները: Քննարկումներու կիզակէտն էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ճակատագիրը, որ վեր առաւ ընկ. Գասարճեան: Վսեմաշուք պրն. դեսպանը լայնաշունչ բացատրողական մը տուաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումի որոշումին մասին՝ անոր առնչութեամբ լաւապէս լուսաբանելով ներկաները:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան գոհունակութիւն յայտնեց լսելով պրն. դեսպանին բացատրութիւնները՝ յայտնելով, որ կարեւոր էր լսել նման լուսաբանութիւն՝ փարատելու համար իւրաքանչիւր սփիւռքահայու մտահոգութիւննները այս որոշումին կապակցութեամբ, որոնք նաեւ իրն էին:

Պրն. դեսպանը վեր առաւ ընդհանրապէս հայութենէ հեռու մնացող սփիւռքահայերու պարագան եւ զանոնք հայրենիքին կապելու կարեւորութիւնը: Այս ուղղութեամբ ընկերներ Նար Խաչատուրեան եւ Յովիկ Վարդանեան շատ կարեւոր գտան այս պարագան եւ խոստացան ճիգ չխնայել աշխատելու այս ուղղութեամբ:

Աւարտին, ընկ. Գասարճեան պրն. դեսպանին մաղթեց կանաչ ուղի իր առաքելութեան մէջ: Ան մեծապէս օգտաշատ համարեց այս հանդիպումը, որուն ընթացքին առիթը ունեցան պրն. Դեսպանէն սպառիչ տեղեկութիւններ ստանալ՝ փափաք յայտնելով, որ նմանօրինակ օգտաշատ հանդիպումներ յաճախակի ըլլան: Այս ուղղութեամբ ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի զարգացնելու ԹՄՄ-ի աւանդական  լաւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին