ՀԵՆՐԻ Ճ. ՊԱՐՔԻ
ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՊԱԳԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Երկար ատենէ իվեր կը պայքարինք Սուրիոյ մէջ. հիմա ժամանակն է, որ մեր զինուորները տուն վերադառնան», 2018-ի վերջին օրերուն յայտարարեց նախագահ Տ. Թրամփ։ Պրն. նախագահին կոչն էր, արագօրէն գործադրելի, շուրջ 2000 զինուորներու վերադարձին համար, որ սակայն լայնատարած քննադատութեանց արժանացաւ Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան լայն շրջանակներուն կողմէ։ Բայց մանաւանդ ցնցիչ էր այդ պայքարին մէջ ընդգրկուած, Ամերիկայի գլխաւոր ընկերակիցին՝ սուրիական քիւրտ զինակիցներուն համար։ Յիշեալ յայտարարութենէն քանի մը շաբաթներ առաջ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճիպ Թ. Էրտողան սպառնացած էր, թէ պիտի արշաւէր դէպի Հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերու հակակշռին տակ գտնուող շրջանները։ Նման յարձակում մը կեցնողը ամերիկեան զօրքերու հոն ներկայութիւնն էր։ «Եթէ ամերիկացիները լքեն մեզ, պիտի անիծեմ զանոնք որպէս դաւաճաններ», յայտարարած էր քիւրտ զինեալ մը։
Ամերիկեան ուժերու Հիւսիսային Սուրիայէն քաշուելու լուրը անմիջապէս գործադրելի չի թուիր։ Ուաշինկթընի վերջնական որոշումը ինչ որ ալ ըլլայ, Միջին Արեւելքի քիւրտերուն համար դաժան դարձակէտ մը կը հանդիսանայ։ 2017-ի կէսերէն իվեր քիւրտերը կ՚ապրէին իրենց վերածնունդը։ Սուրիոյ քիւրտերը, աշխարհի ամէնէն գերհզօր պետութեան հետ, պատերազմի ճակատի վրայ, կեդրոնական դեր ունեցած էին ISIS-ի պարտութեան մէջ, գրաւելու ատեն թշնամիին մայրաքաղաքը՝ Ռաքքան։ Սուրիոյ քիւրտ միլիսը (YPG) կ՚իշխէր սուրիական հողամասին լայն տարածութեանց վրայ, եւ հետեւաբար կարեւոր դերակատարներէն մէկը դարձած էր, սուրիական քաղաքացիական պատերազմի դադարեցումի բանակցութեանց ատեն։ Թուրքիոյ քիւրտերը, թէեւ ընկճուած, խանդավառ էին սուրիաբնակ իրենց ազգակիցներով։ Զուգահեռաբար, Իրաքի քիւրտերն ալ իրենց զօրագոյն դիրքերու վրայ էին։ Թէպէտեւ Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան (KRG) կողմէ կազմակերպուած 2017-ի Սեպտեմբերի հանրաքուէին, հակառակ որ մեծամասնութիւնը անկախութեան ի նպաստ քուէարկեց, 2018-ի աւարտին ինքնավարութեան երազները չիրականացան։ Արդարեւ, իրաքեան կեդրոնական կառավարական զօրքերը, թիկունքը վայելելով Իրանի եւ Թուրքիոյ պետութեանց, արշաւեցին Քիւրտիստանի վրայ, գրաւելով անոր հողերուն 40 առ հարիւրը։ Քիւրտիստան ինքնաբերաբար կորսնցուց նաեւ իր միջազգային ազդեցութիւնը կամ վարկը։
Միաժամանակ Թուրքիա զինուորական արշաւի մը ձեռնարկեց Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակիցներուն (PKK) հանդէպ։ Լրացուցիչ կերպով, թրքական բանակը մտաւ նաեւ Հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին քաղաքէն ներս 2018 Մարտին։ Հոն բնակող աւելի քան 200,000-ի հասնող քիւրտ բնակչութեան մեծամասնութիւնը ու զինեալ խումբերը (YPG) փախուստ տուին դէպի Մէնճիպ։ Հոս գտնուող ու շուրջ 2,000-ի հասնող ամերիկեան զօրքերը, 2018 Դեկտեմբերին նախագահ Թրամփի յայտարարութեամբ, պիտի քաշուին վերոյիշեալ քաղաքէն, բոլորովին անպաշտպան ձգելով տեղւոյն քիւրտ զինեալներն ու բնակչութիւնը։ Հակառակ վերոյիշեալ տեղեկատուութեանց եւ ընդդիմութեանց, քրտական ազգային զարթօնքը անկասելի է։
ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՆՊԱՏԱԿԸ
Ներկայիս, շուրջ 30 միլիոն քիւրտեր կ՚ապրին Մեծն Քիւրտիստանի մէջ, հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ, հիւսիս-արեւմտեան Իրանի, հիւսիսային Իրաքի եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։ Այդ ցեղախումբերը յարաբերած են արաբներու, պարսիկներու, ինչպէս նաեւ թուրք-թաթարական կայսրութեանց հետ դարերու ընթացքին, երբեմն գործակցելով, եւ երբեմն ալ ըմբոստանալով անոնց դէմ։ Արդի քիւրտ ազգայնականութեան արմատները ծնունդ առած են Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք։ 1920-ին Սեւրի Դաշնագիրը կը նախատեսէր անկախութեան համար հանրաքուէ, Թուրքիոյ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ։ Նորաստեղծ Թուրքիան, յետ բանակցութեանց Դաշնակիցներուն հետ, 1923-ին կնքեց Լոզանի դաշնագիրը, որ թրքական գերիշխանութիւն ապահովեց, անկախ Քիւրտիստանի մը կարելիութիւնը չէզոքացնելով։
Քրտական պահանջքները անկախութեան շարունակուեցան։ 20-րդ դարու ընթացքին, քրտական ըմբոստութիւններ ծագեցան։ Այսպէս, թուրք իշխանութիւնները տապալեցին 1925-ի, 1930-ի եւ 1937-ի քրտական ապստամբութիւնները։ 1980-էն իվեր, Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը (PKK) զինեալ բախումներ կ՚ունենայ թրքական բանակին հետ։ 1946-ին, թիկունքը վայելելով Սովետական Միութեան, Պարսկաստանի քիւրտերը հաստատեցին Մահապատի հանրապետութիւնը, որ տեւեց միայն մէկ տարի, սովետները քաշած ըլլալով իրենց նեցուկը։ Իրանի շահին թիկունքը վայելելով, Իրաքի քիւրտերը յաճախ ըմբոստացած են կեդրոնական կառավարութեան դէմ, յատկապէս 1960-ին եւ 1970-ին։ Անոնք պարտութեան մատնուեցան 1975-ին երբ Իրանի շահը համաձայնութիւն կնքեց Սատտամ Հիւսէյնին հետ, լքելով քիւրտերը իրենց ճակատագրին։
Վերոյիշեալ երեք երկիրներուն մէջ ալ, քրտական բնակչութեանց արգիլուեցաւ քրտական լեզուին ուսուցումը։ Անոնց զլացուեցաւ սեփական կալուածի պատկանելիութիւն, ու մինչեւ իսկ քաղաքացիութիւն Սուրիոյ մէջ։ Յիշեալ երկիրներու քրտական բնակչութիւնները տնտեսապէս անտեսուեցան։ Հակառակ վերոյիշեալ զլացումներուն, քիւրտերը յաջողեցան սերունդէ սերունդ պահել իրենց ինքնութիւնը։
Վերոյիշեալ երեք երկիրներուն մէջ ալ, անոնք նկատուած են փոքրամասնութիւն։ Անոնք մեծամասնութիւն են միայն իրենց մայր երկրին՝ Քիւրտիստանի մէջ։ Լեզուական տարբերութիւններ, ու նշեալ կառավարութեանց պետական կառոյցները գլխաւոր արգելքները կը հանդիսանան քրտական ազգայնականութեան։
Եթէ նոյնիսկ մէկ, միացեալ եւ անկախ Քիւրտիստան մը չգոյանայ, վերեւ յիշատակուած միջին արեւելեան այդ երեք երկիրները, պիտի չկարենան կասեցնել քրտական ազգային զարթօնքին ուռճացումը։
Թարգմ. ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
(Շար. 1)
«Foreign Affairs», Մարտ-Ապրիլ 2019