«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի հարցերով նախարար Ալիսթար Պըրթի հետ, ուր վերջինիս մասնաւորաբար շեշտեց, որ Հզպալլայի տարածաշրջանային դերակատարութիւնը որեւէ ազդեցութիւն չունի Լիբանանի քաղաքական իրավիճակին վրայ:
«Լիբանանի ժողովուրդին մաս կը կազմէ Հզպալլան՝ ներկայացուցչութիւն ունենալով նախարարաց խորհուրդին ու խորհրդարանին մէջ»,- Ալիսթար Պըրթին ըսաւ Աուն՝ յոյս յայտնելով ամրապնդելու երկկողմ յարաբերութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Փետրուարին Մեծն Բրիտանիոյ գործադիր վարչութեան գլխաւոր քարտուղար Սաժիտ Ժաուիտ որոշում կայացուցած էր Հզպալլա կուսակցութիւնը բնորոշելու որպէս ահաբեկչական խմբաւորում: