ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ
27 Փետրուար 2019-ին նախակրթարանը միացաւ Վարդանանց տօնակատարութեան նշումին՝ իրեն յատուկ մասնակցութեամբ, արտայայտչականութեամբ ու կատարողութեամբ, պարերով, արտասանութիւններով, խմբերգերով, բեմական ներկայացումներով՝ բոլորն ալ նուիրուած Վարդանանց ոգիին ու տեսիլքին:
Բեմը զարդարուած էր Վարդանով ու Վարդանանց հերոսամարտը զարդարող նկարներով ու կարգախօսներով՝ սրահը լեցնելով Վարդանանց ազգաշունչ եւ ոգեղէն մթնոլորտով ու տրամադրութեամբ:
Աշակերտութիւնը օրինակելի նուիրուածութեամբ եւ ոգեշնչութեամբ համակուած էր, պատմական այդ հերոսամարտին հետեւելու հաղորդականութեամբ:
Յայտագիրը ճոխացուցին ու գունազարդեցին հետեւեալ դասարանները իրենց անհատական թէ խմբային կատարողութիւններով, որոնք բոլորն ալ արժանացան ծափողջոյններու՝ ստեղծելով խանդավառ պահեր:
- Ա. դասարանը ներկայացուց «Հայկական բանակ» պարը՝ խրոխտ շարժումներով:
- Ա. դասարանը, «Վարդանանց տօն» խմբային արտասանութեամբ հանդէս եկաւ
- Զ. դասարանը, «Քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» խմբերգով ոգեւորեց
- Զ. դասարանը «Խորհուրդ Վարդանանց» խմբային արտասանութեամբ արտայայտուեցաւ
- Գ. դասարանը բեմական ներկայացումով կենդանացուց Վարդանանցի հերոսամարտութիւնը
- Գ. դասարանը «Արի հայեր» խմբային արտասանութեամբ, պանծացուց հերոսամարտի կայացումը,
- Բ. դաասարանը «Քոչար»-ի մատուցումով, կռիւի տեսարան մը ներկայացուց
- Բ. դասարանը «Վարդանանց պատերազմ»-ի արտասանութեամբ վերահաստատեց Վարդանանց ոգիին կառչածութիւնը
- Ե. դասարանը «Հպարտ գնացէք»-ի երգեցողութեամբ Վարդանանց հերոսամարտի ոգին վարակեց
Տնօրէն պրն. Արա Վասիլեան, արժեւորելէ ետք Վարդանանց հերոսամարտի պատգամախօսութիւնը եւ անկէ քաղելիք դասերը, ջերմօրէն շնորհաւորեց պատասխանատու ուսուցչուհիին՝ տիկ. Մեղեդի Տէր Սարգիսեանի բերած նպաստը ու մասնակից դասարաններուն ջանադիր աշխատանքը: