Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ս. Տէրունեանի «Վարդենին»

Ս. Տէրունեան

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

Սփիւռքահայ քնարերգակ, տաղանդաւոր բանաստեղծ Ս. Տէրունեանի նորագոյն ստեղծագործութիւններէն է «Վարդենին» խորագրով գողտրիկ քերթուածը, որ երեք տուներու սեղմ իր կառոյցին մէջ այնքա՜ն բան կու տայ, այնքա՜ն իմաստ կը խոստանայ, որ վերլուծումներու, ըմբռնումներու, զգացումներու, մեկնաբանութիւններու եւ եզրակացութիւններու հատոր մը կրնայ լեցնել եւ տակաւին… ըսելիք ունենալ։

Խորիմաստ պատգամախօսի մը, զգայուն բանաստեղծի մը ներաշխարհէն բխող, ծլարձակող հաւատամքին ու համոզումներուն արդիւնքն է «Վարդենին»։

Այս քերթուածը կրնաս կարդալ ու վերջանալէն ետք քերթուածէն դուրս ելլել, սակայն… քերթուածը քեզմէ դուրս չ’ելլեր, չի թողուր քեզ, կլանած է, ոստայնած է քեզ իր կշռութաւոր ու կոկիկ բառերով, որոնք մտածումիդ առանցքը կը կազմեն այլեւս, ուղեղդ կը շոյեն՝ հեռաւոր սիրելիի մը դէմքին պէս վերայայտնուելով անոր պաստառին վրայ։ Թարմութեան թթուածին մը կը տարածուի մարմնիդ բջիջներուն մէջ՝ փորձելով յագեցնել բանաստեղծութեան ծարաւդ ու կարօտդ, այլ մանաւանդ աննկարագրելի եւ անպարագրելի սքանչացումի կը մատնէ քեզ՝ զգացական մանանան մաղելով սրտիդ տարածքին։

Այս քերթուածը ոչ միայն ըմբոշխնում մըն է, այլեւ իսկական վկայութիւնը Տէրունեանի բանաստեղծական նրբութիւնը, վարպետութիւնը եւ գաղտնիքը ըմբռնելու փորձին մէջ եւ ճիշդ այս պատճառաւ բազմիցս ընթերցելու է զայն, անոր վայելքը, խորքը եւ միտք բանին պեղելու եւ ապահովելու համար։

Իրականութեան մէջ, «Վարդենին» կը միաձուլէ գեղեցկութիւններու սիրահար բանաստեղծ Տէրունեանի իսկական տաղանդին բազմակողմանի երեսներէն երկուքը, ինչ որ յատկանշական է գրականութեան իր անշեղ ուղիին մէջ.

Ա. Բնութենապաշտը
Բ. Մայրական սիրոյ երկրպագուն

Բնութիւնը եւ մարդը ընդելուզող բորբ երեւակայութեամբ ու մտասեւեռումով, բանաստեղծը հաւատալո՛վ կը բաժնէ հայրենի մեծ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի սա տեսութիւնը. «Մարդը բնութիւն է, բնութիւնը՝ մարդ»։

Արդարեւ, բնութեան ընդմէջէն ճշմարտութեան խուզարկուն է ան, անկեղծութեան ու հարազատութեան գրիչը, զոր մելանէն առաջ սրտին մէջ կը թաթխէ, այնպէս ինչպէս ե՛ս՝ իբրեւ նկարիչ, պիտի ըսէի ու ըսած եմ յաճախ, «վրձինը կը թաթխեմ սրտիս մէջ, ներկէն առաջ»։

Վարդն ու վարդենին որքան որ առնչուած ըլլան սիրո՛յ հետ, սրտի՛ն հետ, անմեղութեա՛ն հետ, հո՛ս, այս քերթուածի քնքուշ բառանուագին մէջ, գուցէ հազուագիւտ այլաբանութեամբ կը նոյնացուին նաեւ մայրութեան քաղցրաբարոյ ու աստուածատուր առաքելութեան հետ։

Մենք սովորաբար եւ բնականաբար կը հոտոտանք վարդը, անոր բուրմունքը մեր ռունգերուն՝ իբր սնունդ եւ աչք գոցելով հիացական «ա՜հ» մը կը մրմնջենք, վայելքի բնազդական արտայայտութեամբ, մինչդեռ հո՛ս՝ այս քերթուածին մէջ վա՛րդն է որ կը հոտոտայ մե՛զ, ստուգելու համար մե՛ր ինքնութիւնը, կշռելու եւ դատելու համար մե՛ր վստահելիութիւնը, մե՛ր հաւատարմութիւնը, մե՛ր գնահատանքը իրեն հանդէպ։

Վարդենին փուշ ունեցող բո՛յսն է, այո՛, բայց Տէրունեանի «Վարդենին» բոյժ ու բալասան պարգեւող խորհրդանիշ մըն է, պատասխանատուութեան եւ գիտակցութեան ոգին է, քանի որ «Մայր» է, իր մէկ հատիկ հոգեհատոր կոկոնին գուրգուրանքը իր ճիւղերուն եւ տերեւներուն վրայ կը կրէ հաճոյքով, համբերութեամբ, քաջութեամբ։ Մայիսեան սիրոյ կրակին հրահրո՛ւմն է, Արարչական բնատուր ուժն է, օրհնութիւնն է։ Վա՛յ այն ձեռքին, որ պոկելու համար կը դպչի՝ տակաւին աչքերը արեւին ու աշխարհին չբացած, տակաւին իր երանգը չյայտնաբերած, տակաւին իր բոյրը չսրսկած այդ կոկոնին։ Վա՛յ անոր որ կը խլէ ու կը պղծէ անոր կուսութիւնը ու կեանքը, նման այն գիշատիչին, որ մայրական արգանդէն հրաժեշտ առնող հէք ուլիկի մը ծննդեան կը սպասէ պատեհապաշտօրէն յափշտակելու եւ յօշոտելու զայն, իր առաջին շունչին հետ։ Այդ «գազան»-ը, այդ թշնամին, տեղ չունի վարդենիին մօտ։

Տէրունեան հայր մըն է սակայն հոս, ինչպիսի հիանալի բնականութեամբ կը զգենու մօր տարազը, կը թափանցէ մօր մը ներաշխարհին, նկարագրին, կը ստանձնէ անոր դերը, կը խորասուզուի անոր հոգեբանական աշխարհին մէջ, վեր կ’առնէ անոր «հոգ»-ը, իրա՛ւ մօր մը պէս։ Ապա ճարտարօրէն «Վարդենին» կը կերպարանափոխէ «հայ մօր», միւսներէն աւելի տառապա՛նք, տա՛րտ ու տագնա՛պ կրած հայուհիին՝ անդոհական ու ճակատագրական կեանքի իր պատուհասին ու պայքարին մէջ, միշտ գլուխը վեր, ճակատը բարձր, հպա՛րտ, «հիւթեղ», ինչպէս կ’ըսէ ինք, բայց հարուստ եւ հմայիչ…

«Վարդենին» ամբողջական խռո՛վք, խորհո՛ւրդ եւ խրա՛տ է, մարմնեղէնէն ոգեղէնին ուղղուող բուրումնաւէտ խնկարկում մըն է, փխրուն սրտերը գօտեպնդող խթան է իր ձեւով, երանգով, եռանդով, ազնուականութեամբ… խորիմաստ եւ թելադրական։

«Վարդենին» Տէրունեանի ճշմարիտ ինքնաարտայայտութիւնն է եւ ընթերցողին առջեւ՝ բանաստեղծը որոնելու եւ գտնելու ձգտումն է, բանաստեղծութիւնը ըմբռնելու եւ ապրելու ցանկութիւնն է, մտքի նոր ու խոստմնալից հորիզոններ առաջնորդող ճանապարհն է։

Եւ 100-ամեակի սեմին, թէ՛ եղեռնական օրերու տարաբախտ հայ մայրն է եւ թէ՛ ալ մեր օրերու յոյսի եւ լոյսի աղբիւր՝ վերածնա՛ծ հայ մայրն է «Վարդենին»։

 

 

Վարդենին

 

Ինքնապարփակ անտառին

Մէջ ուռճացած Վարդենին

Համոզեցին ու տարին

Դրին բակին մէջ տան հին։

 

Հոն, Վարդենին, վաղ գարնան,

Մէկ կոկոն է ծներ լոկ

Որուն բուրման համար ան

Դարձեր է հիւթ, դարձեր՝ հոգ։

 

Մա՛յր է, կանգնած ցանկին քով,

Դեռ նոր փթթած իր որդին

Կը ցուցադրէ անցորդին

Հպարտանքով… զղջանքով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին