«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընկերային Հարցերու նախարար Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը: Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի պատմական յարաբերութիւններուն՝ ընդգծելով զանոնք ամրապնդելու ու զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն, յատկապէս հայ ժողովուրդի՝ լիբանանեան ընկերային համակարգին գործուն մասնակցութեան լոյսին ներքոյ: