«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 16 –
ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Հայաստանի կառավարութիւնը վերջերս քննարկումի առարկայ դարձուցած է մարզպետարաններու աշխատակազմը կրճատելու հարցը: Եթէ մարզպետը ունի երեք փոխանորդ, այսուհետեւ կ’ունենայ միայն մէկ: Առայժմ որեւէ կառավարական որոշում չկայ այս առնչութեամբ, սակայն Լոռիի մարզպետի տեղակալ Ս. Սարուխանեանը քանի մը օր առաջ դիմում ներկայացնելով ինքնակամ հրաժարական տուած է: Մարզպետ Ա. Ղուկասեանը այդ քայլը ճիշդ համարեց, քանի որ փոխանորդներու կրճատումի հարցով որոշ յստակութիւն կայ:
Ըստ տարածքային կառավարումի նախարար Ս. Պապիկեանի յայտարարութեան՝ կառավարումի համակարգը բարելաւելու նպատակով մարզպետարաններու աշխատակազմի երեսուն առ հարիւրը կը կրճատուի: Վանաձորի մէջ արդէն լուրեր տարածուած են, որ մարզպետարանի աշխատակիցները հրահանգ ստացած են աշխատանքէն ազատուելու դիմում գրելու, բայց մարզպետ Ա. Ղուկասեանը պաշտօնապէս հերքեց այդ լուրը:
Դեռ յստակ չէ, թէ մարզպետարանի աշխատանքները բարելաւելու պատճառով քանի՛ աշխատակից հրաժարական կու տայ, կամ քանի հոգի կ’ընդունուի: Յստակ է միայն, որ կառուցուածքային փոփոխութիւններ պէտք է տեղի ունենան; Նոյնիսկ կրնայ աշխատակիցներուն թիւը անփոփոխ մնալ: Ներկայիս Լոռիի մարզպետարանը կայ 145 աշխատակից: