«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 7 Մարտին Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի տեղի ունեցած օրէնսդրական նիստէն ետք նշեց, որ պետական պիւտճէի պակասորդ-ՀՆԱ (Համախառն ներքին արդիւնք, անգլ.՝ GDP) յարաբերակցութեան առնուազն մէկ տոկոսով նուազումը պայմանաւորուած է հարկահաւաքումի համակարգի բարելաւումով:
«Խնայողութիւնը պիտի կայանայ անհարկի ծրագիրներու կասեցումով: Միաժամանակ հրամայական է աւելի բարձր հարկերու հաւաքումը, ինչը, կը հաւատամ, շրջադարձային նշանակութիւն պիտի ունենայ պետական պակասորդը տարեկան 1 տոկոսով նուազեցնելու տեսակէտէն»,- «The Daily Star» գործակալութեան ըսաւ Հանրապետութեան վարչապետը:
Հարիրի աւելցուց, որ պետական հարկային եկամուտը պէտք է ներկայացնէ ՀՆԱ-ի 23 – 25 տոկոսը: «Եթէ կարենանք ընդամէնը 20 տոկոսի բարձրացնել, մենք կը յաջողինք այդ բացը փակել 1 տոկոսով եւ աւելիով:
«Կը կարծեմ՝ պէտք է լուրջ ու նպատակասլաց որոշումներ կայացուին: Ի դէպ, ես անձնապէս կը հաւատամ, որ եթէ առկայ է քաղաքական կամքը, ապա նաեւ առկայ է խնդիրները լուծելու ուղին»,- եզրափակեց Հարիրի: